Չեչենիոյ Նախագահը Կը Դատապարտէ Քեսապի Դէմ Կատարուած Յարձակումը

Ռամազան Քատիրով

Ռամազան Քատիրով

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Չեչենիոյ նախագահ Ռամազան Քատիրով ընկերային ցանցի իր էջերէն մէկուն վրայ գրած է, որ Քեսապի դէմ յարձակում գործած ահաբեկիչները իսլամութեան հետ որեւէ կապ չունին:

Ան ցաւակցութիւն յայտնած է Քեսապի մէջ նահատակուածներու ընտանիքներուն: «Շուրջ հարիւր զոհ արձանագրուեցաւ Քեսապի մէջ` զինեալներու յարձակումներուն պատճառով, որոնք, ինչպէս սուրիական իշխանութիւնները կը շեշտեն, Թուրքիայէն եկած էին», գրած է Քատիրով` աւելցնելով. «Զոհերը հայեր էին` Սուրիոյ բնիկ բնակիչներ»:

«Պաշտօնական տուեալները ցոյց կու տան, որ յարձակումը կատարուած է Քայիտայի զինեալներուն կողմէ, որոնք անդամ են այսպէս կոչուած Ժապհաթ Նուսրայի եւ Իսլամական ճակատին», ըսած է ան` աւելցնելով. «Այսու հաստատ կերպով կը յայտարարեմ, որ այդ ահաբեկիչները իսլամութեան հետ որեւէ կապ չունին եւ չեն կրնար իսլամներ կոչուիլ»:

Քատիրով դժգոհութիւն յայտնած է արձանագրուած իրադարձութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ եւրոպական երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու լռութեան նկատմամբ:

«Այս ահաբեկիչները, որոնց թիկունք տրուած է, սնուցուած եւ զինուած են Արեւմուտքին կողմէ եւ մարզուած ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու գաղտնի սպասարկութեանց կողմէ», ըսած է ան: «Անոնք Սուրիան քանդելու եւ իսլամական երկիրները տկարացնելու առաքելութիւնը կը կատարեն: Ո՞ւր են եւրոպական եւ ամերիկեան ժողովրդավարութիւնները եւ ինչո՞ւ լուռ կը մնան», գրած է ան:

 

Share this Article
CATEGORIES