Ռուսիա Քեսապի Դէմ Յարձակումին Քննարկման Համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Անմիջական Նիստ Մը Կը Պահանջէ

Կենատի Կաթիլով

Կենատի Կաթիլով

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտարարած է, որ անհրաժեշտ է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը անյապաղ քննարկէ Սուրիոյ հայկական բնակավայրերուն դէմ կատարուած յարձակումները:

Կաթիլով «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է. «Անհրաժեշտ է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը անյապաղ քննարկէ կացութիւնը»:

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Մոսկուայի հայ համայնքի ներկայացուցիչները 31 մարտին Թուրքիոյ դեսպանատան մօտ բողոքի ցոյց կատարած են քեսապահայերուն դէմ կատարուած վայրագութիւններուն դէմ:

«Մեր տուեալներով` հայերուն հետ հաշուեյարդարին Թուրքիայէն զինեալներ մասնակցած են: Մենք կ՛ուզենք հասարակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել այդ յանցագործութեան վրայ», ըսած է Մոսկուայի հայ համայնքի ղեկավարներէն Էտկար Կրիկը: Ատոր համար Մոսկուայի քաղաքապետարանին դիմում ներկայացուած է այսօր հանրահաւաք կատարելու համար:

 

Share this Article
CATEGORIES