Քեսապ Մնացած Տարեց Հայերուն Մեծամասնութիւնը Տեղափոխուած Է Լաթաքիա
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ սուրիական պաշտօնական աղբիւրներ հաստատեցին, որ սուրիական բանակի միաւորներ յառաջխաղացք արձանագրած են Լաթաքիոյ հիւսիսային արուարձաններուն մէջ` կործանելով ընդդիմադիր զինեալներու կեդրոնները եւ զինամթերքը: Բանակը նաեւ վերջին երկու օրերուն ընթացքին կրցաւ ծայրայեղական զինեալներու ջոկատներուն հոսքը կասեցնել եւ զանոնք շրջափակել մէկ շրջանի մէջ` վերատիրանալով կարգ մը շրջաններ:
«Ազդակ»-ի թղթակիցը կը նշէ, որ Քեսապի եւ անոր շրջակայ գիւղերու վրայ կատարուած յարձակումէն ետք Քեսապի մէջ մնացած էին մօտ երեք տասնեակ տարեց հայեր, որոնք կարողութիւն չունէին շարժելու այդ պահուն, իսկ երէկուան ստոյգ լուրերուն համաձայն, անոնց մեծամասնութիւնը արդէն տեղափոխուած է Լաթաքիա:
Իսկ Դամասկոսի արեւելեան արուարձանին մէջ ընդհարումները կրկին թափ ստացան վերջին օրերուն եւ կը լսուին թնդանօթներու հարուածներու ձայներ: Դամասկոսի արուարձանին մէջ գտնուող ելեկտրակայանի կեդրոնի մը հարուածը պատճառ դարձաւ բազմաթիւ թաղամասերէ ելեկտրականութեան անջատումին: Մայրաքաղաքի տարբեր թաղամասերուն մէջ տակաւին կ՛արձանագրուին հրասանդի հրթիռներու հարուածներ:

