Սուրիոյ Բանակը Կը Ջանայ Գալատուրան-Քեսապ Ճամբան Փակել

Kessab.0104«Մայատին» կը հաղորդէ, որ Քեսապի շրջանին մէջ բուռն բախումներ ընթացք առած են, երբ զինեալները փորձած են Խըրպեթ Սուլասի դիտարանը գրաւել: Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը ռմբակոծած է Պէյթ Ամլաք, Ղամամ եւ Սաուտա գիւղերը: Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Մայատին»-ին յայտնած է, որ բախումները տարածուած են մինչեւ Գալատուրան գիւղի մերձակայքը եւ բանակը կը ջանայ Գալատուրան-Քեսապ ճամբան փակել` զինեալները այդտեղ մեկուսացնելու համար:

Լրագրող Մաժտ Լէյլա «Մայատին»-ին յայտնած է, որ սուրիական օդուժը Քեսապի մէջ կարգ մը փողոցներ ռմբակոծած է, ինչպէս նաեւ թիրախ դարձուցած է Այն Նըսր բլուրին շրջակայքը:

Մինչ այդ, ամերիկեան «Ուորլտ Թրիպիուն» օրաթերթը հաղորդած է, որ Սուրիոյ բանակը Հալէպի մէջ յառաջխաղացք արձանագրած է, եւ ներկայիս քաղաքին 80 առ հարիւրը կը գտնուի իր վերահսկողութեան տակ: Արեւմտեան աղբիւրներ նշած են, որ բանակը քաղաքին մէջ երեք առանցքներով կը յառաջանայ եւ հասած է քաղաքի հին թաղամասին:

Նոյն աղբիւրները կը նախատեսեն, որ քաղաքին մէջ զինեալներուն դէմ վերջնական յարձակումը շղթայազերծուի ապրիլ ամսուան ընթացքին:

Միւս կողմէ, ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ թրքական հրետանին կրակ բացած է սուրիական հողամասերուն ուղղութեամբ, երբ սուրիական կողմէն արձակուած ռումբ մը ինկած է սուրիացի գաղթականներու ճամբարին մէջ գտնուող մզկիթի մը վրայ եւ տարեց կին մը մահացած է:

 

Share this Article
CATEGORIES