ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՈՒՔՐԱՆԻԱ
Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչին հրաւէրով պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Ուքրանիա:
Ինչպէս կը յայտնեն նախագահի մամլոյ գրասենեակէն, այցելութեան ծիրին մէջ Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի, Ուքրանիոյ խորհրդարանի նախագահ Վլատիմիր Լիթվինի, Ուքրանիոյ վարչապետի պաշտօնակատար Անտրէյ Գը Լիվեւի հետ, պիտի այցելէ Ուքրանիոյ առեւտրական-արդիւնաբերական պալատ: Սերժ Սարգսեան հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Այցելութեան ծիրին մէջ կը նախատեսուի Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ նախագահներու միացեալ մամուլի ասուլիս, ուր երկու երկիրներու ղեկավարները պիտի ամփոփեն հանդիպման արդիւնքները:
CATEGORIES Հայկական