ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ

Իսրայէլի խորհրդարանը` Քնեսեթը, չորեքշաբթի, 29 յունիսին տրուած որոշումին համաձայն Ապրիլ 24-ը Իսրայէլի մէջ յիշատակման օր ճանչնալու մասին բանաձեւը 25 թեր եւ մէկ դէմ քուէով որոշեց կրթութեան եւ մշակոյթի յանձնախումբին փոխանցել` առ ի քննարկում: Փաստաթուղթը կը նախատեսէ Ապրիլ 24-ին Իսրայէլի դպրոցներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին դասընթացքներ պատրաստել:

Երուսաղէմի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Յակոբ Սեւան կը տեղեկացնէ, որ նոյն նիստին ներկայ եղած են նաեւ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու անդամ հրեայ երեսփոխաններ:

Իսրայէլի կառավարութեան ներկայացուցիչ Ուզի Լանտաու խորհրդարանին յայտնեց, որ կառավարութիւնը դէմ չէ հարցի քննարկման` կրթութեան եւ մշակոյթի յանձնախումբին կողմէ:

Բանաձեւին ի նպաստ ելոյթ ունեցաւ Լիքուտ կուսակցութեան ներկայացուցիչներէն Զեւ Էլքին:

Յիշեցնենք, որ այս տարուան 18 մայիսին Իսրայէլի խորհրդարանը իր լիագումար նիստին քննարկած էր մէկ այլ` այս անգամ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը եւ որոշած էր զայն փոխանցել կրթութեան եւ մշակոյթի յանձնախումբին: Քնեսեթի լիագումար նիստը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ սեպտեմբերին:

Նշենք, որ 2008-էն ի վեր Իսրայէլի խորհրդարանին 4 անգամ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւեր ներկայացուած են:

 

Share this Article
CATEGORIES