«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒԱԾ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒՆ» ՄԱՍԻՆ ԲԱՆԱՁԵՒԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏԻ ՆԱԽՆԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ «Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներուն» մասին բանաձեւը դարձեալ ընդգրկուած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 66-րդ նստաշրջանի նախնական օրակարգին վրայ:
Կայքէջը կը նշէ, որ 66-րդ նստաշրջանի նախնական օրակարգին վրայ ընդգրկուած է նաեւ «ՎՈՒԱՄ-ի (Վրաստան, Ուքրանիա, Ազրպէյճան, Մոլտաւիա) տարածքին մէջ երկարաձգուող տագնապներու եւ միջազգային հանրութեան անվտանգութեան եւ զարգացման համար անոնց հետեւանքներուն» մասին կէտը:
«Էխօքաւքազա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանն ու Ռուսիան ՄԱԿ-ի մէջ դէմ քուէարկած են Աբխազիայէն եւ Հարաւային Օսեթիայէն բռնի տեղահանուածներու կարգավիճակը սահմանող բանաձեւին: Բանաձեւին թեր քուէարկած են Միացեալ Նահանգները, Ազրպէյճանը, Պալթեան երկիրները, Բրիտանիան եւ քանի մը տասնեակ երկիրներ: Թուրքիա, Զուիցերիա, Իսրայէլ եւ 71 այլ պետութիւններ ձեռնպահ մնացած են:
Բանաձեւը որդեգրուած է 57 թեր եւ 13 դէմ քուէներով: