Լոփես Պիտի Հեռանայ Ռէալ Մատրիտէն
Ռէալ Մատրիտի բերդապահ Տիեկօ Լոփես որոշում մը տալով ըսաւ, որ պիտի հեռանայ իր ակումբէն կը յայտնէ ArmSport.am` մէջբերելով Cadena-Ser կայքին հրապարակած մէկ լուրը:
32 տարեկան սպանացին, անտանելի կը նկատէ այն ճնշումը, որ ինք այժմ կը զգայ իր ակումբին հետ:
Ըստ աղբիւրին, իտալական եւ անգլիական կարգ մը ակումբներ, մանաւանդ Ա. Սէ. Միլան շատ մօտէն հետաքրքրուած են Լոփեսով:
Ակումբին համակիրները խումբին կրած վերջին պարտութիւններուն գլխաւոր յանցաւորը կը նկատեն Լոփեսը եւ «Սանթիակօ Պեռնապէօ» դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումներուն դժգոհութեան բացագանչութիւններ կ՛արտայայտեն անոր դէմ:
Անոնք կը պահանջեն նաեւ, որ մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի անոր փոխարէն դաշտ ներկայացնէ Իքեր Քասիասը:
Սակայն երէկ բերդապահին գործակալը` Մանուէլ Կարսիա Քիլիոն յայտարարեց, որ ան պիտի մնայ արքայական խումբին հետ:
Մէջբերելով անոր խօսքերը` «Ինսայտ սփենիշ ֆութպոլ» յայտնեց, որ Լոփես յառաջիկայ տարեշրջանին եւս պիտի կրէ մայրաքաղաքի կազմին շապիկը:

