Քաքա Համաձայնեցաւ Տեղափոխուիլ Միացեալ Նահանգներ
Ա. Սէ. Միլանի պրազիլցի միջնապահ Ռիքարտօ Քաքա պատրաստ է ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակելու Միացեալ Նահանգներու մէջ` մաս կազմելով Օրլանտօ Սիթիի, կը յայտնէ ArmSport.am:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ սպանական «Աս» պարբերաթերթը, ան արդէն իսկ բանաւոր համաձայնութեան եկած է այն բանէն ետք, երբ ան ըսած էր, որ կը փափաքի ելոյթ ունենալ Միացեալ Նահանգներու «Մէյճըր լիկ»-ի մրցումներուն:
Իր կարգին, Ա. Սէ. Միլանի փոխնախագահ Ատրիանօ Կալիանի նշեց, որ ֆութպոլիստին հետ կնքուած համաձայնագիրին կէտերէն մէկուն համաձայն, ան կրնայ հեռանալ իր խումբէն, եթէ անիկա չկարենայ ապահովել «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի իր տոմսը:
CATEGORIES Մարզական

