Ջաւախքի Հայութեան Ազատ Ու Լիարժէք Ապրելու Իրաւունքին Ի Խնդիր
Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Ջաւախքը Վրաստանի 9 մարզերէն ամէնէն լքուած ու անտեսուած Սամցխէ Ջաւախէթի մարզն է, որ այսօր կ՛ապրի հին ժամանակներու մէջ, նման հոլիվուտեան ժապաւէնի մը մեծ քաղաքին, ուր բեմադրիչը կարծէք դիմած է ամէն միջոցի` միջնադարեան անցեալը վերակենդանացնելու համար: Այնտեղ ժամացոյցին սլաքները կը դառնան մեր ժամանակէն դուրս:
Սամցխէ Ջաւախէթին յարաբերաբար նոր անուանում է: Վրացական իշխանութիւնները Ջաւախքի ազգագրական պատկերը փոխելու նպատակով, 90 առ հարիւր հայ բնակչութեամբ Ախալքալաքին ու Նինոծմինդային (պատմական Տաշիր գաւառը) 1993¬ին միացուցած են Ախալցխան (50 առ հարիւր հայ բնակչութեամբ) եւ վրացական գերակշիռ բնակչութիւն ունեցող Ասպինձան, Բորժոմը եւ Ադդիգէնը` ստեղծելով վարչական նոր միաւոր մը, ուր հայեր կը կազմեն 170 հազար հաշուող բնակչութեան 65-70 առ հարիւրը: Մնացեալ 20-25 առ հարիւրը վրացիներ են, իսկ 5 առ հարիւրը` ռուսեր:
Ջաւախքը հայրենի հող է: Ան պատմական Հայաստանի Գուգարք նահանգի 8¬րդ գաւառն է: Տասնամեակներէ ի վեր, սակայն, շրջանը ինքզինք կը նկատէ աշխարհագրութենէ դուրս քշուած: Հայրենիքը զայն կը նկատէ սփիւռք, իսկ սփիւռքը` հայրենիք: Ոչ ոք տիրութիւն կ՛ընէ անոր: Ջաւախքը կ՛ապրի ինքնիրեն, առանձինն, բոլորէն լքուած վիճակով, թէեւ ան միայն 250 քմ. հեռու է Թիֆլիսէն, իսկ քիչ մը աւելի պակաս` Երեւանէն:
Սամցխէ Ջաւախէթին ունի 6413 քառ քմ. տարածութիւն եւ կը գրաւէ Վրաստանի ընդհանուր տարածութեան 9.3 առ հարիւրը: Նահանգը բաժնուած է 6 ենթաշրջաններու, Ախալցխան ունենալով իբրեւ կեդրոն: Ունի 7 գլխաւոր քաղաքներ, 66 աւաններ եւ աւելի քան 125 գիւղեր: Ջաւախքը Թուրքիոյ սահմանակից է մօտաւորապէս 80-90 քմ. սահմանով: Հարաւ-արեւմուտքէն Հայաստանի հետ ունի 45-50 քմ. սահման մը եւ կը գտնուի ազերիներով բնակուած Մառնէուլի շրջանին արեւմուտքը:
Ջաւախքը տարիներ շարունակ եղած է Վրաստանի ամէնէն թերաճ շրջաններէն մէկը: Վերջին 20 տարիներուն, Վրաստանի անցումային տնտեսութեան իբրեւ հետեւանք` հետզհետէ բազմացող ընկերային դժուարութիւնները անհամեմատօրէն աւելի ազդած են Ջաւախքի իրավիճակին վրայ: Գիւղատնտեսական եւ անասնապահական կարեւոր կեդրոն մը ըլլալով հանդերձ, շրջանը ունի Վրաստանի անգործութեան ամէնէն բարձր համեմատութիւնը. ան կը ստանայ ամէնէն չնչին պետական ներդրումը եւ ունի Վրաստանի ամէնէն հին ու վնասուած ենթակառոյցը: Ջաւախքի բնակիչներուն մեծամասնութիւնը, շրջանին մէջ գործ չգտնելով, Ռուսիա կը մեկնի «արտագնայ» աշխատանքի:
Դժբախտաբար, վերջին տարիներուն քառապատկուած է թիւը Ջաւախքը լքողներուն: Մտահոգիչ երեւոյթ է, որ տարուան 6 ամիսներուն, մայիսէն-նոյեմբեր, ոչ մէկ հայր կամ երիտասարդ կը մնայ իր օճախին մէջ. կը մնան միայն մեծ հայրերը, մեծ մայրերը, տքնաջան աշխատանքէ յոգնած մայրերն ու զաւակները: Երիտասարդութիւնը շրջանին մէջ ոչինչ կը տեսնէ` ո՛չ ապագայ, ո՛չ հեռանկար, ո՛չ աշխատանք եւ ո՛չ ալ` մշակոյթ: Ձուլման վտանգը անտեսելով, անոնք մեծ թիւերով կ՛ուզեն դուրս գալ եւ իրենց ապագան որոնել ուրիշ տեղ:
Ջաւախքը այսօր կ՛ապրի կրթական լուրջ տագնապ: Անոր վարժարանները աւելի շատ կը յիշեցնեն միջնադարեան ծխական դպրոցները: 30-40 տարիէ անոնք չեն վերանորոգուած, դասագիրքերու մեծ կարիքը ունին: Աշակերտները Վրաստանի պատմութիւն կ՛առնեն, սակայն հայոց պատմութիւն առնելու իրաւունք չունին: Հայերէնի պահերն ալ տարուէ տարի կը կրճատուին:
Այսօր տեղական ճարտարարուեստ գրեթէ գոյութիւն չունի Ջաւախքի մէջ: Շրջանը զուրկ է արտադրողական կարողականութենէ, իսկ երկրագործական եւ անասնապահական կարողականութեան պարագային, ան կրնայ գոհացնել միայն ապրուստի տարրական պայմանները: Անտանելի են շրջանին բժշկական-խնամատարական պայմանները: Ջաւախքը թէեւ ունի ամբողջ Կովկասի ծնունդներու ամէնէն բարձր համեմատութիւնը, սակայն ան չունի մեր ժամանակներուն համապատասխան ծննդատուն մը: Ախալքալաքի հիւանդանոցը հինցած ու քայքայուած է: Բժշկական անձնակազմը ծերացած ու նօսրացած է: Գիւղերը դարմանատուներ եւ դեղարաններ չունին, իսկ դպրոցները` մանկական առողջապահութեան որեւէ յարմարութիւն:
Ջաւախքը կը դիմագրաւէ ելեկտրականութեան եւ ուժանիւթի սուր տագնապ, այնպէս ինչպէս Վրաստանը ընդհանրապէս: Թէեւ այդ մարզին մէջ անոր կացութիւնը վերջին տարիներուն մասամբ բարելաւուած է` Հայաստանի կողմէ շրջանին ելեկտրականութիւն հայթայթելու քայլերուն շնորհիւ:
Հաղորդակցութեան ենթակառոյցը այնպիսի վատթար վիճակ մը կը պարզէ, որ Հայաստանի հետ կապուիլը աւելի դիւրին է, քան` Թիֆլիսի: Ճանապարհներն ու մայրուղիները շօշափելի ներդրումներու եւ վերաշինութեան կարիքը ունին: Ու եթէ նշենք նաեւ, որ Ջաւախքի մէջ աղքատութեան մակարդակը համեմատաբար աւելի ցած է երկրի միջինէն, այն ժամանակ աւելի յստակ կը դառնայ շրջանի ժողովուրդին ընկերային անապահով ու խոցելի վիճակը:
10 տարիէ հոգեւոր զարթօնք մը զգալի է շրջանին մէջ: Կամաց-կամաց կը վերաբացուին շրջանի եկեղեցիները, որոնք անցնող 70-80 տարիներուն, համայնավարութեան օրով, աւերուած էին, փակուած, անասնագոմերու եւ կամ լաւագոյն պարագային` պահեստանոցներու վերածուած: Յունուար 2001¬էն ի վեր, Վիրահայոց թեմի առաջնորդութեան ծիրին մէջ ստեղծուած է Ջաւախքի առաջնորդական փոխանորդութիւնը: Բայց տակաւին հսկայական գործ կայ կատարելիք: Շրջանի 110 առաքելական գիւղերուն կը ծառայեն միայն աբեղայ մը եւ 5 քահանաներ, ինչ որ անբաւարար է: Մեծ կարիքը կայ կրօնի դասագիրքերու եւ եկեղեցականներու: Աղանդները կը գործեն ազատ-համարձակ:
Շրջանին մէջ կան կաթողիկէ 16 գիւղեր, որոնք ունին մեծաթիւ վարդապետներ: Փոքրաթիւ, սակայն աշխուժ ներկայութիւն են Հայ կաթողիկէ Անարատ յղութեան քոյրերը:
Ոչ միայն Ջաւախքի, այլեւ վրացահայութեան դիմագրաւած կարեւոր հարցերէն մէկն է հոգեւոր կեանքի կազմակերպումը: Վրաստանի մէջ, վրացական ուղղափառ եկեղեցիէն բացի, այլ եկեղեցիներու համար յատուկ օրէնք գոյութիւն չունի: Չկայ նաեւ կրօնքի եւ խիղճի ազատութեան մասին օրէնք: Հետեւաբար, ներկայիս հայ եկեղեցին կը գործակցի երկրին մէջ գործող այլ եկեղեցիներու եւ կրօնական համայնքներու հետ (կաթողիկէ, մկրտչականներ…):
Մինչեւ 2003 եկեղեցին իր տօները կը նշէր վրացական տօնացոյցով (հին տոմարով): 2004¬ին, առաջին անգամ ըլլալով, ան Ս. Ծնունդն ու Զատիկը տօնեց հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հետ, նոր տոմարով: Այդքանով սակայն հարցերը չլուծուեցան, որովհետեւ հայկական բազմաթիւ եկեղեցիներ մինչեւ օրս կը մնան պետութեան ձեռքը: Առաջնահերթ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այդ եկեղեցիներուն վերատիրացումը եւ նորոգութիւնը, որովհետեւ վրացիներ լուրջ քայլեր կ՛առնեն անտէր եկեղեցիները գրաւելու եւ վրացականացնելու համար:
Ջաւախքի վրայ իրենց գերիշխանութիւնը ամրապնդելու համար, վրացական իշխանութիւններ անցնող տասնամեակներուն որդեգրած են ընկերատնտեսական ճնշումի զանազան միջոցներ, ինչպէս` պիւտճէի կրճատում շրջանի կրթական բնագաւառին մէջ, թոշակներու ուշացում, անտեսում շրջանի մէջ տիրող անգործութեան երեւոյթին եւ վերջապէս` քայլեր փոխարինելու տեղական կազմակերպութիւններն ու անոնց ղեկավարութիւնը պաշտօնեաներով, որոնք յատուկ կերպով ընտրուած եւ պատրաստուած են վրացական կառավարութեան կողմէ:
Վրաստանի սահմանադրութիւնը այս իմաստով յստակ չի ճշդեր երկրին վարչատարածքային կառոյցը եւ տեղական ինքնակառավարման ձեւերը, եւ ինչպէս այլ շրջաններու պարագային, Ջաւախքի մէջ եւս, ինքնակառավարման որդեգրուած դրութիւնը նկատի չ՛առներ շրջանին առանձնայատկութիւնները եւ չի համապատասխաներ բնակչութեան կարիքներուն: Խտրական օրէնքներու պատճառով, Ջաւախքի հայութիւնը նուազ ներկայացուած է տեղական վարչական համակարգին մէջ: Գիւղերը առանձին գիւղական վարչութիւններ չունին, իսկ շրջանային մակարդակի ընտրովի մարմիններ չկան:
Ինքնակառավարման կարելիութիւն չունենալով` Ջաւախք զրկուած է շրջանի քաղաքական, ընկերատնտեսական եւ կրթամշակութային կեանքի տնօրինումէն եւ Վրաստանի կեանքին լիարժէք մասնակցութենէն: Ոտնակոխուած են ջաւախքահայութեան մարդկային իրաւունքները իբրեւ փոքրամասնութիւն: Շրջանի ժողովուրդը զրկուած է վրացի ժողովուրդին հետ համահաւասար իրաւունքներ ունենալէ:
Ջաւախքը ունի ճակատագրական եւ ռազմավարական դիրք, իբրեւ Հայաստանի հիւսիսային դարպաս եւ բնական պատուար` Կովկասը Ռուսաստանի ազդեցութենէն հեռացնելու եւ թրքական ազդեցութեան ենթարկելու ճիգերուն:
Վրաստան-Թուրքիա կապերը այսօր իրենց լաւագոյն օրերուն մէջն են: Թուրքիա կը հանդիսանայ Վրաստանի առեւտուրի երկրորդ մեծագոյն գործընկերը եւ անոր բանակին արդիականացման գլխաւոր ֆինանսաւորը: Վրաստան-Ազրպէյճան կապերը եւս սերտ են, տրուած ըլլալով, որ այսօր աշխարհաքաղաքական զուգորդութիւն մը կայ Ազրպէյճանի քարիւղին եւ Վրաստանի նաւահանգիստներուն միջեւ: Ջաւախքը կարեւոր անցք կը հանդիսանայ Ազրպէյճանի քարիւղը Վրաստանի ճամբով Սեւ ծովու նաւահանգիստներ փոխադրելու համար: Պաքու-Ճէյհան քարիւղատարը Ազրպէյճանէն կը մտնէ Վրաստանի Գարդաբանի եւ Մառնէուլի շրջանները, ապա Ջաւախքի հիւսիսային սահմաններէն` Ծալկա-Ախալցխա գիծով կ՛անցնի Թուրքիա:
Կայ նաեւ Ջաւախքի մէջ մցխէթ թուրքերու վերաբնակեցման հարցը: Մցխէթներու հաւանական վերադարձը շրջան ոչ միայն փոփոխութեան կրնայ ենթարկել Ջաւախքի ժողովրդագրական պատկերը, այլեւ` ռազմաքաղաքական մեծ վտանգ կը հանդիսանայ Ջաւախքի եւ Հայաստանի ապագային:
Մցխէթներու վերադարձի պարագային մէկ կողմէ կը շեշտուի Ջաւախքի հայաթափման վտանգը, իսկ միւս կողմէ թրքական աքցանը կատարելապէս կը սեղմուի Հայաստանի շուրջ: Հայաստան չորս կողմէ կը շրջապատուի թրքական ցեղերով, եթէ չմոռնանք նաեւ Իրանի հիւսիսը հաստատուած 10 միլիոն ազերիներու գոյութիւնը:
Ջաւախեցին դարերու ընթացքին ուժի պակաս չէ ունեցած: Այժմ ան տագնապի մէջ է, որովհետեւ ամէնէն աւելի նիւթական-տնտեսական պայքարի հարց ունի: Անոր կը պակսին տարրական միջոցները` անասնապահական եւ երկրագործական իր արտադրութիւնները շուկայ հասցնելու եւ իր արդար քրտինքին իրաւունքը վաստկելու համար:
Օրուան հրամայականը ջաւախեցին իր հողին վրայ պահելն է: Իսկ անոր համար նախ անհրաժեշտ է ճանաչողութիւն շրջանի կարիքներուն, ապա` բարեսիրական օժանդակութիւն, սփիւռքահայու տնտեսական փորձառութեան փոխանցում, ի վերջոյ հասնելու համար իրաւական, օրինական միջոցներով շրջանի ինքնավարութեան հետապնդումին:
Վրաստան ցեղերու խճանկարային երկիր մըն է: Վրացիները, իրենք, բաղկացած են երեք ցեղէ (քարթվելներ, սվաններ, մերկելներ) եւ կը կազմեն երկրին ընդհանուր բնակչութեան 70 առ հարիւրը, մնացեալը փոքրամասնութիւններ են` հայեր (8 առ հարիւր), ռուսեր, ազերիներ, օսէթներ, աբխազներ եւ այլք:
Ապագայ Վրաստանի քաղաքական հեռանկարներու ճշդումին մէջ որոշիչ դերակատարութիւն պիտի ունենան երկրին ազգային փոքրամասնութիւններուն այլատեսակ ձգտումները եւ ինքնավար շրջաններուն օրէ օր աճող կեդրոնախոյս տրամադրութիւնները: Ցարդ, Վրաստանի ազգային բազմազանութեան եւ անոր ներքին, վարչաքաղաքական համակարգին շուրջ երկրին մէջ ընդհանուր համախոհութիւն չկայ, թէեւ օրէ օր կը բազմանան սահմանադրական բարեփոխումներու պահանջները` երկրին մէջ դաշնակցային կամ համադաշնակցային դրութեան մը ստեղծման համար, ինչ որ լաւագոյն միջոցը կը նկատուի Վրաստանի գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան պահպանման, ընդ որում` Ջաւախքի քաղաքական, ընկերատնտեսական եւ մշակութային հարցերուն լուծման համար:
Ջաւախքի ընկերատնտեսական, մշակութային եւ քաղաքական հարցերը կրնան լուծուիլ միայն այն պարագային, երբ անոնք կը դիմագրաւուին ուղղակի եւ միաժամանակ: Այդ հարցերէն որեւէ մէկը շրջանցելու փորձը ցանկալի արդիւնքներու չի կրնար հասնիլ:
Ջաւախքը Վրաստանի հողային ամբողջականութեան պահպանման երաշխիք է: Հարկ է զայն ամրապնդել Վրաստանի կազմին մէջ: Հզօր Վրաստանի մը ապագան կախեալ է ինքնավար ու բարգաւաճ Ջաւախքէն: Ջաւախքի ինքնավարութիւնը կ՛օգնէ Վրաստանի կառավարելիութեան բարձրացման եւ ժողովրդավարութեան զարգացման:
Ջաւախքի կացութեան յաւելեալ բարդացումը ո՛չ Վրաստանին եւ ո՛չ ալ Հայաստանին ձեռնտու է: Վրաստան իր տնտեսութիւնը ոտքի պահելու եւ ներքին կեանքը աւելի չփոթորկելու համար ամէն գնով կարիքը ունի քաղաքական եւ ապահովական կայունութեան: Փոխադարձաբար, Հայաստան բոլոր ժամանակներէ աւելի, այսօր, կարիքը ունի դէպի Ռուսիա եւ Եւրոպա տարանցիկ ճամբու:
Այս իմաստով, Ջաւախքի համարկումը ապագայ Վրաստանի մէջ ձուլման համազօր չէ, ոչ ալ ինքնավարութիւնը` անջատողականութեան: Վրացական հասարակութեան մէջ համարկում կարելի է իրագործել միայն մասնակցութեամբ: Ձուլում հետապնդող եւ կամ արհեստական ու բռնի միջոցներով շրջանին ժողովրդագրական պատկերը փոխել ցանկացող քաղաքական ուղղութիւներն ու քայլերը հակառակ արդիւնքը կու տան: Համարկումի տարազը պարզապէս կ՛ենթադրէ, որ մեծամասնութիւնն ու փոքրամասնութիւնը ցանկութիւնը եւ կամքը ունենան իրարու հետ լեզու գտնելու:
Հետեւաբար, ինքնավար Ջաւախք մը ներկայ պայմաններուն մէջ ամէնէն ապահով եւ խոստմնալից ճամբան կը թուի ըլլալ, ապահովելու համար Ջաւախքի հայութեան ազատ ու լիարժէք ապրելու իրաւունքները:

