«Չեմփիընզ Լիկ». Հիւրընկալ Երկու Խումբերն Ալ Ձախողեցան Յաղթանակ Արձանագրել

Պարսելոնա – Աթլեթիքօ Մատրիտ երէկուան մրցումէն
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ երէկ գիշեր տեղի ունեցած երկու ճակատումներն ալ աւարտեցան 1-1 արդիւնքով, ինչ որ բնականաբար եղան ի նպաստ հիւր կազմերուն:
Պարսելոնա, որ հիւրընկալեց սպանական այլ խումբ մը` Աթլեթիքօ Մատրիտը, հաւասարութեամբ բաժնուեցաւ անկէ, երբ Նէյմար նշանակեց դաշտին տիրոջ կոլը (71-րդ): Տիեկօ նշանակած էր մրցումին եւ Աթլեթիքոյի առաջին կոլը:
Ինչ կը վերաբերի երկրորդ մրցումին, Մանչեսթըր Եունայթըտ 58-րդ վայրկեանին 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ` շնորհիւ Նեմանժա Վիտիչի նշանակած կոլին: Պասթիան Շվայնսթայկըր, որ 67-րդ վայրկեանին նշանակեց Պայէրնի հաւասարութեան կոլը, մրցումին վերջին վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Ինչ կը վերաբերի այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն, Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի հիւրընկալէ Չելսին, մինչ Ռէալ Մատրիտ` Պորուսիա Տորթմունտը: Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

