Շախտիորի Ապրիլ 1-ի Կատակը` Հենրիխ Մխիթարեանի Գծով

heno.0104Ապրիլ 1-ի բազմաթիւ սուտ-կատակներէն զերծ չմնաց նաեւ ուքրանական Շախտիոր Տոնեցք ֆութպոլի ակումբը, որ իր պաշտօնական էջին վրայ յայտարարութիւն մը տեղադրեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Պորուսիա Տորթմունտին մաս կազմող միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի մասին:

Այդ կատակին մէջ նշուած է հետեւեալը. «Երեքշաբթի, 1 ապրիլ 2014-ին յստակացաւ, որ Մխիթարեան պիտի վերադառնայ Շախտիոր: Տորթմունտի հետ իր ունեցած ոչ այդքան յաջող ելոյթներէն ետք, Մխիթարեան որոշեց իր ելոյթները դարձեալ շարունակել Շախտիորի հետ: Անոր փոխանցման մանրամասնութիւնները պիտի հրապարակենք շուտով` մեր պաշտօնական կայքին վրայ»:

Share this Article
CATEGORIES