Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Հուփս – Ռիատի

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ եւ դարձի 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 2 ապրիլին, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ Հուփս կը հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը: Մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին:

Նշենք, որ Հուփս 8-րդ հանգրուանին պիտի ըլլայ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբին հիւրը, շաբաթ, 12 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

Իսկ 7-րդ հանգրուանին վաղը` հինգշաբթի, 3 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին ՀՄԸՄ հիւրը պիտի ըլլայ Ամշիթի:

 

Share this Article
CATEGORIES