ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Հեծելարշաւի Մրցումներուն Մասնակցեցան Վեց Վարժարաններ
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը, հովանաւորութեամբ` Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, կազմակերպեց այս տարեշրջանի հեծելարշաւի մրցումը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 30 մարտ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Մարինա-Տըպպայէի մէջ:
Երկար տարիներ ԼԵՎԱՄ-ի խաղերէն դուրս մնացած այս մարզաձեւի մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին ԼԵՎԱՄ-ին մասնակցող վարժարաններէն Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճը, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան վարժարանը եւ Մխիթարեան վարժարանը:
Մրցումի աւարտին մրցանակաբաշխութիւնը կատարեցին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներ Նազօ Հապիպեան եւ Զոհրապ Մարգարեան:
Նշենք, որ այս մրցումին հեծանիւները տրամադրուած էին «Փրօ պայք» ընկերութեան կողմէ: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Փրօ պայք»-ին եւ յատկապէս Սագօ Նալպանտեանին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք մրցումին արդիւնքները`
1996-97-ի ծնունդ Տղաք (20 քմ)
Բեկոր Եագուպեան (Մխիթարեան) 39′ 26″
Յակոբ Միսիրեան (Ճեմարան) 45′ 55″
Սերժ Տիշչեքենեան (Ճեմարան) 49′ 06″
1998-99-ի Ծնունդ Տղաք (15 քմ)
Յակոբ Մաթոյեան (Մեսրոպեան) 31′ 53″
Համբիկ Այվազեան (Ճեմարան) 39′ 07″
Սագօ Եագուպեան (Ճեմարան) 39′ 52″
1996-97-98-ի Ծնունդ Աղջիկներ (15 քմ)
Ճոյս Պարսումեան (Սոֆիա)
Կալի Գոնճեան (Ս. Խաչ-Հարպոյեան)
Ռիթա Ուլիկեան (Սոֆիա)
ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
www.levam.org

