ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Յատուկ Ներկայացուցիչը Այցելեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ

Փլամպլի եւ ամենապատիւ հոգեւոր տէր

Փլամպլի եւ ամենապատիւ հոգեւոր տէր

Ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը երեքշաբթի, 1 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի:  Այցելութիւնը կ՛իյնար Քեսապի հարցին շուրջ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ կատարող խորհրդակցութիւններու շրջագիծին մէջ:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչին հակիրճ պատմականը ըրաւ Քեսապ հայաւանի ստեղծումին եւ շեշտեց անոր կարեւորութիւնը հայութեան համար: Ապա, հոգեւոր տէրը պարզեց Քեսապէն տեղահանուած եւ Լաթաքիա ապաստան գտած ժողովուրդին տառապալի վիճակը, շեշտեց տեղահանուած ժողովուրդին անմիջական օժանդակութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը եւ անոր իր բնօրրանը անյապաղ եւ անվտանգ վերադարձը ապահովելու հրամայականը: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը անոր յանձնեց մէկ օրինակը յայտարարութեան, զոր Քեսապի մասին հրապարակեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքական Գերագոյն խորհուրդը:

Տերեք Փլամպլի իր կարգին խոստացաւ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ նկատողութիւնները եւ ակնկալութիւնները փոխանցել առ որ անկ է եւ հարկը տնօրինել Քեսապէն տեղահանուած հայ ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւն կատարելու ուղղութեամբ:

1 ապրիլ, 2014

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ

 

Share this Article
CATEGORIES