Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Նորընտիր Պատրիարք Աֆրամ Քարիմը
Երէկ առաւօտ Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Աթշանայի վանքը եւ շնորհաւորեց ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր պատրիարք Աֆրամ Քարիմը: Հանդիպման ընթացքին վեհափառ հայրապետը եւ նորընտիր պատրիարքը, որոնք մօտէն ծանօթ էին իրարու, անդրադարձան հայ եւ ասորի եկեղեցիներու դարաւոր սերտ յարաբերութեան եւ շեշտեցին առաւել գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը երկու եկեղեցիներուն միջեւ, յատկապէս Միջին Արեւելքի շրջագիծին մէջ:
Այցելութեան ընթացքին վեհափառ հայրապետին ընկերացան Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, դրան եպիսկոպոս Նարեկ արք. Ալեէմեզեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան եւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան:
CATEGORIES Գաղութային

