Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Երեխաներուն դասերուն հետեւեցէք: Եթէ անոնք պէտք ունին ձեր օգնութեան, լաւ հսկեցէք, որպէսզի յառաջանան:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Տրամաբանական եւ խոհեմ հարցերու կարեւորութիւն տուէք: Օդին մէջ մի՛ մնաք, որպէսզի ձեր առած քայլերը ըլլան բնական:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ազնուութեամբ եւ ժպիտով խնդրեցէք, ինչ որ կը փափաքիք: Դուք պիտի կարենաք ստանալ ձեր ուզածը: Մնացէք միշտ ժպտուն եւ բարեացակամ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Աշխատանքի պահուն մնացէք հետեւողական, որպէսզի յաջողութիւնը ընկերանայ ձեզի: Օրը ունի գոհանալու եւ  ուրախանալու առիթներ: Օգտուեցէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ լուծելիք խնդիր մը ունիք, հարցուցէք ձեր բարեկամներուն, անոնք անկեղծութեամբ պիտի կարենան գոհացնել ձեզ: Միշտ յոյսով ապրեցէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր աշխատանքը պիտի կատարէք` առանց ոեւէ մէկուն օգնութեան: Ունիք կարողութիւնը ձեր հարցերը անձամբ լուծելու: Մնացէք ինքնաբաւ եւ խոհեմ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կը մտածէք օտար երկրի մը մասին, որպէսզի օր մը ճամբորդէք: Երկիրներ տեսնելը անշուշտ լաւ է, բաց նկատի առէք ձեր նիւթականը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կարիքը ունիք ուրիշներու օժանդակութեան, բայց նոյն ատեն ապաւինեցէք ձեր ներքին ուժին եւ ձեր կարողութիւններուն: Ինքնավստահ եղէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Աշխատանքի մէջ պահեցէք ձեր ինքնութիւնը, բայց նոյն ատեն մի՛ խանգարէք ձեր գործակիցներուն հանգիստը: Բռնութիւն մի՛ բանեցնէք բնաւ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մտիկ ըրէք տարեց անձերու խրատները, որովհետեւ անոնք ունին կեանքի հարուստ փորձառութիւն, ինչ որ կ՛օգնէ ձեզի` ձեր կեանքը հունաւորելու:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պիտի աշխատիք լաւ եւ զուարթ տրամադրութեամբ, ինչ որ պիտի մղէ ձեզ յաւելեալ ժամեր եւս աշխատելու եւ օգտուելու նիւթապէս: Օրը յաջող է:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ ծնողք էք, ուշադիր եղէք ձեր զաւակներուն եւ շուրջիններուն շարժումներուն, որպէսզի սխալ բան մը չընեն անգիտակցաբար: Օրը կը պահանջէ ըլլալ շրջահայեաց եւ խոհեմ:

Share this Article
CATEGORIES