Պէտք Է Սատարել Նուիրական Գործին
ԿԱԼԻՆԱ ՇԵՄԵՄԵԱՆ-ՆԱՃԱՐԵԱՆ
Ողջունելի է ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին այս նախաձեռնութիւնը, սակայն ձեր աշխատանքին սահուն եւ արդիւնաւէտ ընթացքը, յանուն ազգանուէր ծրագիրներու իրականացման, ինչպէս նաեւ` հայ ժողովուրդի բարօրութեան, կարելի պիտի չըլլայ առանց նուիրատուներու մեծաձեռն օգնութեան: Հետեւաբար, մենք բոլորս, նուիրելու բարձր տրամադրութեամբ, անխտիր պէտք է կատարենք մեր սրտաբուխ նուիրատուութիւնը եւ միասնականօրէն կառուցենք հայ ժողովուրդի ապագան:
Այս առթիւ կ՛ուզեմ կանխայայտ շնորհակալութիւն յայտնել ԼՕԽ-ի շրջանային վարչութեան, որ յարատեւ կերպով աշխատանք կը տանի ի նպաստ հայ դպրոցին ու անոր բարգաւաճման, ի մասնաւորի վարժարանիս յարկին տակ հասակ առնող նորահաս սերունդի առողջ կազմաւորման ու վերելքին:
Եւ վերջապէս, ի սրտէ կը շնորհաւորեմ բոլոր անդամուհիները, առանց որոնց ճիգերուն ու յոգնութեան` անկարելի ու անհնար պիտի ըլլայ իրագործել նման ազգօգուտ օրինակելի աշխատանք մը: Հաւաքական աշխատանքի մը սքանչելի օրինակն է այս հանգանակութիւնը, որուն յաջողութեան համար իւրաքանչիւր աշակերտ պէտք է նուիրաբերէ իր լուման ու ստանայ հոգեկան բաւարարութիւն:
Յաջողութիւն` ձեր ապագայ ծրագիրներուն:
Վարձքը կատար` բոլորին:
ԿԱԼԻՆԱ ՇԵՄԵՄԵԱՆ-ՆԱՃԱՐԵԱՆ
Պէյրութի Վահան Թէքէեան
Միջնակարգ վարժարանի տնօրէնուհի

