ԼՕԽ-ը` Բոլորիս Տէր

ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՊԱԼԸԳՃԵԱՆ

Ողջոյն ազգանուէր ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքին` 80-ամեայ Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանէն:

ԼՕԽ-ի ծառայութիւնները, յատկապէս ուղղուած` մեր գաղութին նուազ բախտաւոր խաւին, մեծապէս գնահատուած են, անփոխարինելի իսկ ըլլալու աստիճան: Առ այդ, ԼՕԽ-ին կատարուած որեւէ նուիրատուութիւն, հանգանակութեան յատուկ շրջանին թէ ոչ` անպայմանօրէն կը գտնէ երախտագիտութեամբ բաբախող սիրտ մը, դողդոջ ձեռք մը եւ կոտտացող վէրք մը: Ի՜նչ խօսք, որ այս սիրտը, ձեռքն ու վէրքը անտէր չեն. իրենց համար սիրայօժար ու կամաւոր կերպով, անխոնջ վազող ոտքեր ունին, իրենց համար մտածող ու ծրագրող հոգիներ ունին խաչուհիներուն անձին մէջ:

Եւ այսօր, երբ ամէն երեւոյթ մատնանշէ անձնասիրութեան ծաւալումը, աւելի քան անհրաժեշտ է նոր սերունդը դաստիարակել տալու առաքինութեամբ: Հոս ԼՕԽ-ի ու հայ աւետարանական վարժարանին առաքելութիւնները կը միանան. հայ մանուկը, պատանին ու երիտասարդը այնպէս դաստիարակել, որ անոնք սորվին ըլլալ շրջահայեաց, եւ իրենց ունեցածին համար երախտապարտ ըլլալով` չունեցողին կարիքը տեսնեն ու հասնին անոնց:

Բարի՛ երթ ԼՕԽ-ին: Վարձքը կատար անոր անդամուհիներուն եւ թող Աստուած աճեցնէ կամաւոր աշխատանքով մեր ազգին ծառայողներուն թիւը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES