Զօրակցութեան Ցոյց Թրքական Հիւպատոսարանին Առջեւ` Ի Նպաստ Քեսապէն Տեղահանուած Հայորդիներուն
Ուրբաթ, 28 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, հարիւրաւոր հայորդիներ, ընդառաջելով Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան եւ Քեսապի հայրենակցական միութեան հրաւէրին` զօրակցութեան ցոյց կատարեցին Լոս Անճելըսի մէջ թրքական հիւպատոսարանին առջեւ:
Ցուցարարները թրքական իշխանութեանց կողմէ հովանաւորուած Քեսապի վրայ յարձակումները դատապարտող լոզունգներով ու պաստառներով, երկու ժամ քալեցին թրքական հիւպատոսարանին առջեւ:
Ցոյցի աւարտին մասնակիցներուն իրենց պատգամը փոխանցեցին Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեան, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետի պաշտօնակատար Ճեք Հաճինեան, Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան Ամերիկայի գործադիր տնօրէն Էլեն Ասատրեան, Հայ իրաւաբաններու միութեան նախագահ Կարօ Ղազարեան, Քեսապի կրթասիրաց ընկերակցութեան ատենապետ Եսթեր Չելեպեան եւ Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան ներկայացուցիչներ:
Բոլորս ալ քեսապցի ենք ու թոյլ պիտի չտանք, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կրկնեն ցեղասպանական իրենց ոճիրները` շեշտեցին պատգամախօսները: Անոնք նաեւ պահանջեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններէն, որ կասեցնեն Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու եւ փոքրամասնութեանց դէմ կոտորածներ իրականացնող ծայրայեղական զինեալներուն տրամադրուող օժանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ պահանջեն «դաշնակից» Թուրքիայէն, որ դադրեցնէ սուրիահայութեան դէմ ընդհանրապէս եւ Քեսապի հայ բնակչութեան դէմ` մասնաւորապէս, շղթայազերծած իր ցեղասպանական գործողութիւնները:
Պատգամախօսները նաեւ դիմեցին ներկաներուն, որ մասնակցին առցանց ձեռնարկուած «Փրկենք Քեսապը» արշաւին:
Ցոյցը աւարտեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգով:

