Գաղութէ – Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Զուիցերիա
Մշակութային Ձեռնարկ
Մարտ 24-ին Ցիւրիխի «Թոնհալլէ» համերգային սրահին մէջ «100 համերգ` 100-ամեակին» Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած համերգաշարի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Երբ խաչուած են ժամանակներն ու մշակոյթները» խորագրով համերգը:
Խօսք առին պետական խորհրդական Հանս Ալթհեր եւ Հայաստանի դեսպանութեան դեսպանորդ Սաթենիկ Աբգարեան, որ փոխանցեց դեսպան Ազնաւուրի ուղերձը, ուր յատկապէս նշուած էր հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան մէջ մշակոյթին ունեցած դերը` ընդգծելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած համերգի` մշակոյթի միջոցով վերածնելու եւ հայկական ինքնութիւնը պահպանելու խորհուրդը:
Ձեռնարկին հանդէս եկան հայ եւ զուիցերիացի երաժիշտներ, որոնք մեկնաբանեցին Պեթհովենի, Պրամսի, Կոմիտասի, Սայաթ Նովայի, Եկմալեանի եւ այլ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններէն կտորներ:
Պոլիս
Պոլսոյ Մէջ Պիտի Ներկայացուի
Ցեղասպանութեան Առնչուող Թատերախաղ Մը
Նախաձեռնութեամբ Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Աթեշ Իւնալ Էրզենի, 29 մարտին պոլսահայ համայնքին համար շատ կարեւոր իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ Պաքըրգիւղի մէջ: Եունուս Էմրէի անուան մշակոյթի կեդրոնին մէջ ներկայացուեցաւ յայտնի բեմադրիչ Այթեքին Էօզենի կողմէ գրուած ու բեմադրուած «Մեղեդիի մը ճակատագիրը» թատերախաղը:
Նիւթը հիմնուած է Սարգիս Թորոսեան անունով հայու մը դաժան կեանքի պատմութեան վրայ. հայ մը, որ Չանաքքալէի (Կալիփոլի) պատերազմին հերոսական մասնակցութիւն բերած է, զանազան ծառայութիւններ մատուցած ըլլալով հանդերձ, ապրած է իր ընտանիքին տեղահանուած ու սպաննուած ըլլալու դառնութիւնը եւ ինք եւս զոհ գացած է այս փոթորիկին:
Սարգիս Թորոսեանին պատմութիւնը արդէն իսկ բանավէճի նիւթ դարձած էր մօտիկ անցեալին: Ոմանք կը պնդէին, թէ Սարգիս Թորոսեան անունով մարդ գոյութիւն չէ ունեցած եւ իր մասին պատմուածները սուտ են: Բայց ուրիշներ փաստած են, թէ ան իրապէս մասնակցած է Չանաքքալէի պատերազմին ու հերոսական նպաստ բերած է:
Թուրք բազմաթիւ արուեստագէտներու կողքին հայ արուեստագէտներ եւ իրենց մասնակցութիւն պիտի բերեն խաղարկութեամբ եւ պարային ելոյթներով:
Թուրք մասնակիցները պարտականութիւն կը նկատեն տեղահանութեան ու հայերու դէմ գործուած սպանդներուն վրայ հիմնուած այս խաղը ներկայացնելը:
Թեհրան
ՀՄԱԿ–ի 70-Ամեակի Առիթով
Ծառատնկում
Մարտ 14-ին, ՀՄԱԿ-ի հիմնադրութեան եւ գործունէութեան 70-ամեակի առիթով, նախաձեռնութեամբ պատկան յանձնախումբին տեղի ունեցաւ ծառատնկում Թեհրանի «Թալեղանի» հանրային պարտէզին մէջ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ 70-ամեակի յանձնախումբի անդամ Արմէն Սիմոն Խաչիկ: Ան ներկայացուց ձեռնարկին նպատակը եւ ծառատնկումի կարեւորութիւնը` իսլամութեան եւ քրիստոնէութեան մէջ: Այնուհետեւ, 70-ամեակի յանձնախումբի նախագահ Հրաչ Զարիֆեան անդրադարձաւ ծառի ու ծառատնկումի դերակատարութեան` մարդու կեանքին մէջ: Ապա ներկաները ուղղուեցան ծառատնկումի համար նախատեսուած վայրը, ուր Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Համլեթ Խալոյեան տնկեց առաջին ծառը տեղադրելով այս առիթով պատրաստուած յուշատախտակը: Այնուհետեւ միութենականները տնկեցին 70 ծառեր` խորհրդանշելով կազմակերպութեան անցած 70 տարիները:
Աւարտին Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Համլեթ Խալոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց
70-ամեակի յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ձեռնարկի յաջողութեան:
Ֆրանսա
Նոր Ժապաւէն` Հայոց Ցեղասպանութեան
100-Ամեակին Ընդառաջ
Այս տարի պիտի նկարահանուի Հայոց Մեծ եղեռնին նուիրուած նոր ժապաւէն մը` «Անջրդի ուղիներ», բեմադրութեամբ ֆրանսահայ Առնօ Խայաճանեանի: Ժապաւէնին նկարահանումները տեղի կ՛ունենան Արեւմտեան Հայաստանի եւ Ֆրանսայի մէջ:
Նիւթը կը բացայայտէ նոր փաստեր` Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Ժապաւէնը հանդիսատեսին պիտի ներկայացուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ` յունուար 2015-ին:
Միացեալ Նահանգներ
Հայ Դատը Նեցուկ Կը Կանգնի
Վարդան Կարապետեանի Ընտրապայքարին
Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբը որոշած է նեցուկ կանգնիլ Վարդան Կարապետեանի ընտրապայքարին: Կարապետեան իր թեկնածութիւնը դրած է Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի արտակարգ ընտրութեանց, որոնք տեղի պիտի ունենան 3 յունիսին` լեցնելու համար ապրիլ 2013-ին Կլենտէյլ քաղաքի գանձապահ ընտրուած Րաֆֆի Մանուկեանին թափուր ձգած աթոռը:
Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Պերճ Կարապետեան նկատել տուաւ, որ Կլենտէյլի քաղաքացիները յուզող հարցերուն նկատմամբ Վարդան Կարապետեանի կեցուածքները, համայնքային սպասարկութեան մարզին մէջ անոր մատուցած ծառայութիւնները եւ ղեկավարման ձիրքերը համոզած են զիրենք, որ ան լաւագոյն ընտրանքն է թեկնածուներուն մէջ, աւելցնելով, որ տպաւորուած են Հայոց ցեղասպանութիւնը ծանօթացնելու, ինչպէս նաեւ քաղաքին անգլիախօս, հայ, քորէացի, սպանախօս եւ ֆիլիփինցի համայնքներուն հետ գործակցելու Վարդան Կարապետեանի յատկութեամբ:
Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Դալար Մալաքեան յայտնեց, թէ հանրային եւ երթեւեկի ապահովութեան մարզերուն վրայ ուշադրութիւն կեդրոնացնելու եւ քաղաքին ենթակառոյցը, ամավարկը, բնակարանային շրջաններն ու սպասարկութիւնները բարելաւելու անոր առաջարկները ցոյց կու տան, թէ անոր կեցուածքները կը համընկնին քաղաքի բնակչութեան մեծամասնութեան կեցուածքներուն հետ:
Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Հիլմա Պալայեան հաստատեց, թէ Վարդան Կարապետեանի 28-ամեայ գործարարական ու ղեկավարման փորձառութիւնը` յատկանշական թիւով աշխատաւորներու հետ, զինք պատրաստած է քաղաքապետական խորհուրդին մէջ կենսական որոշումներ տալու պատասխանատուութեան:
Իր կարգին Վարդան Կարապետեան յայտնեց, թէ իրեն համար մեծ պատիւ է իր ընտրապայքարին նեցուկ կանգնելու Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբին որոշումը` աւելցնելով, թէ անկէ մեծապէս պիտի օգտուի իր ընտրարշաւը:
2004-էն ի վեր Վարդան Կարապետեան եղած է Կլենտէյլ քաղաքի երեք յանձնաժողովներու անդամ ու փոխ տնօրէնն է Դաւթեան-Մարիամեան կրթական հիմնարկութեան: Ան եղած է «Կլենտէյլ Էտվենթիսթ» առողջապահական կեդրոնի վարչութեան անդամ եւ փոխատենապետը Քալիֆորնիոյ ամերիկահայ դեմոկրատներու միութեան. 2005-էն ի վեր կամաւոր կերպով կը մարզէ Ամերիկայի երիտասարդական ֆութպոլի խումբեր:
Սոնիա Թաթուլեան Կը Մեծարուի
Քոնկրեսական Շիֆի Կողմէ
Մարտ 18-ին տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը, որուն ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆ մեծարեց իր ընտրատարածքին (թիւ 28) մէջ գործող խումբ մը կիներ` նկատի ունենալով անոնց կարեւոր ներդրումները իրենց համայնքներուն մէջ:
Շիֆի կողմէ «Տարուան կինը» կոչումին արժանացան 13 կիներ, որոնցմէ մէկն էր Սոնիա Թաթուլեան: Թաթուլեան ծնած է Հայաստան ու գաղթած է Միացեալ Նահանգներ 1974-ին: Շարք մը ասպարէզներ փոխելէ ետք, ան ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է գործարարներու յաջողութիւնը ապահովելու նպատակով խորհրդատուութեան մարզին վրայ, դրամատուներու մէջ իր աշխատանքին միջոցով: Ան նաեւ գործօն մասնակից է համայնքի կեանքին` մաս կազմելով զանազան կազմակերպութեանց եւ ըլլալով Սանլենտ-Թահանկա առեւտուրի գրասենեակի նախագահը:
Շիֆ նաեւ իւրաքանչիւր մեծարեալի գործունէութեան մասին արձանագրութիւն մը պիտի կատարէ Քոնկրեսի արխիւներուն մէջ:
«Հորիզոն» Հեռատեսիլի Ընկերութիւնը
1 Ապրիլէն Սկսեալ Պիտի Սփռուի Ֆրեզնոյի Մէջ
«Հորիզոն» հեռատեսիլի ընկերութիւնը 1 ապրիլէն սկսեալ պիտի սփռուի Ֆրեզնոյի մէջ անվճար` 31.6 ալիքով: «Վենթուրա պրոտքասթինկ» ընկերութեան ջանքերով, Ֆրեզնոյի եւ կեդրոնական Քալիֆորնիոյ բնակիչներուն կը ներկայացուի «Հորիզոն» հեռատեսիլի ընկերութեան ամբողջ յայտագիրը` տեղեկատուական, ժամանցային, հանրամատչելի, գիտակրթական եւ տեղական բովանդակային հաղորդումներու բազմազան ընտրանիով: Գործունէութեան 25 տարիներու ընթացքին «Հորիզոն»-ը եղած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ ամէնէն յուսալի հայկական հեռատեսիլի ընկերութիւնը` լրատուութեան ու ժամանցի լաւագոյն աղբիւրը:
Այսպիսով, «Հորիզոն»-ի միջոցով Ֆրեզնոյի գաղութը առաւել եւս տեղեակ պիտի ըլլայ հայրենիքի, աշխարհասփիւռ հայութեան ու ամերիկահայ համայնքի կեանքին: «Վենթուրա պրոտքասթինկ» ընկերութեան տնօրէն Լեւոն Էսկիճեան նկատել տուաւ, որ «Հորիզոն»-ի նպատակն է վառ պահել մեր լեզուն, մշակոյթը, ազգային արժէքները:
95 Հազար Տոլար Հանգանակուեցաւ
Ազգ. Շամլեան Վարժարանի
Մարզասրահին Ի Նպաստ
Կազմակերպութեամբ Ազգ. Շամլեան վարժարանի ծնողական օժանդակ մարմինին, 14 մարտին Լոս Անճլըսի «Փիթըրսըն օթոմոթիւ միւզիըմ» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի ամէնամեայ ճաշկերոյթ-հաւաքը, որուն ընթացքին հանգանակուեցաւ 95 հազար տոլարի նուիրատուութիւն, որ ամբողջովին պիտի յատկացուի վարժարանի նորակառոյց մարզասրահի շինարարական աշխատանքներուն:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Յասմիկ Տեմիրճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա ծնողական օժանդակ մարմինի անունով Նատիա Շամսին գնահատեց ճաշկերոյթ-հաւաքի կազմակերպման աշխատանքներուն իրենց սիրայօժար մասնակցութինը բերած բոլոր կամաւորները:
Ձեռնարկին գնահատական խօսքերով հանդէս եկան վարժարանի տնօրէն Վազգէն Մատենլեան, փոխտնօրէնուհի Ռիթա Գաբրիէլեան եւ Նատիա Շամսին, որոնք յուշատախտակներ յանձնեցին եւ բարձրօրէն գնահատեցին մարզասրահի գլխաւոր նուիրատուներ Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեան ամոլը, Ճեսիքա Վարդուկեանը, Ալեն եւ Սապին Փեզեշքեանները:
Մարտիրոսեանի Արտադրած «Լոն Սըրվայվըր»-ը
125 Միլիոն Տոլար Եկամուտ Կ՛ապահովէ
Ստեփան Մարտիրոսեանին արտադրած «Լոն սըրվայվըր» ժապաւէնը կրցած է 125 միլիոն տոլար եկամուտ ապահովել ու թեկնածու եղած է երկու «Օսքար» մրցանակներու` միաժամանակ շահելով Դերասաններու եւ Քննադատներու միութեանց մրցանակները:
Ժապաւէնը արտադրուած էր 46 միլիոն տոլարով, 42 օրուան ընթացքին, Նիւ Մեքսիքօ նահանգի հեռաւոր շրջաններուն մէջ, որոնք կը յիշեցնեն Աֆղանիստանը, ուր ժապաւէնին պատմութիւնը տեղի կ՛ունենայ:
Մարտիրոսեան մաս կը կազմէ «Ինվիժըն» ընկերութեան, որուն 2011-էն ի վեր արտադրած ժապաւէններուն շարքին են` «2 կանզ», «Ըսքէյփ փլեն», «Պրոքըն սիթի» եւ «Էնտ սօ իթ կոզ»:

