Ջաւախք` Լիբանանահայութեան Նոր Յանձնառութիւնը

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ

Այս յօդուածը կը զուգադիպի լիբանանահայ Ջաւախքի օժանդակ մարմնի նախաձեռնած Ջաւախքի նուիրուած օրերու ձեռնարկներուն, որոնք լիբանանահայութեան աւելի մօտէն պիտի ներկայացնեն Ջաւախքի եւ վիրահայութեան, անոնց քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ ռազմաքաղաքական իրավիճակը:

Ճիշդ է, որ գէթ այսօր պատերազմական իրավիճակ չկայ Ջաւախքի մէջ, սակայն սպառնացող բազմաթիւ եւ բազմապիսի վտանգները, ժողովուրդին դիմագրաւած առկայ ընկերային ծանր տագնապը, կեանքի կենսական եւ նախնական կարիքներու չգոյութեան փաստը աւելի քան երկու հարիւր հազար հաշուող այս ազգային հերոս հաւաքականութիւնը կը դնեն «լինել չլինել»-ու անմխիթար կացութեան դէմ յանդիման:

Այսօր գոյութիւն ունի հայաթափման յստակ ծրագիր, եւ Ջաւախքի ժողովրդագրական պատկերը փոփոխութեան ենթարկելու քաղաքական յստակ թելադրանք: Վտանգուած է Հայաստանի ու հայութեան համար ռազմավարական անփոխարինելի ու անշրջանցելի կարեւորութիւն ներկայացնող այս տարածքին գոյութիւնը: Ջաւախքահայութեան կենսական կարիքներուն հասնելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը պէտք է ստանայ համահայկական բնոյթ եւ վայելէ նոյնատիպ զօրակցութիւն, որուն ապահովման գործընթացին մէջ լիբանանահայութիւնը, ինչպէս բոլոր ժամանակներուն եւ պարագաներուն, այսօր եւս պէտք է արժանավայել կերպով արձագանգէ, վերստանձնէ համազգային օրակարգերուն մէջ իր երբեմնի յառաջատարի դիրքը եւ պարտաւորութիւնները:

Սակայն ներկայ հանգրուանին թերեւս ոմանք մտածեն, որ լիբանանահայութիւնը` իբրեւ կազմակերպ հաւաքականութիւն, շատ լուրջ խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու առջեւ է: Թերեւս ալ լիբանանահայութիւնը գաղութի վերականգնման եւ վերաշխուժացման համար ի՛նք կարիք ունի համահայկական հոգատարութեան, որովհետեւ վերջին տասնամեակին` երկրին մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակը 2005-ին սկսած քաղաքական ահաբեկչական մթնոլորտ, 2006-ի իսրայէլեան լայնածաւալ յարձակումներ, շարունակուող ականուած ինքնաշարժներու դատապարտելի երեւոյթը, քաղաքական անկայունութիւն եւ անորոշութիւն Սուրիոյ բախումներ եւ գաղթականներու հոսքը դէպի Լիբանան երկրին մէջ հետզհետէ աւելի խորացող միջհամայնքային բախումները, այս գաղութը կը դնեն խիստ մտահոգիչ կացութեան մէջ` մանաւանդ ընկերային-տնտեսական, կրթական եւ կազմակերպական մակարդակներու վրայ:

Հասկնալով հանդերձ վերոնշեալ մտահոգութիւնը, հարց կու տանք, թէ արդեօք Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան վիճակը, քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական պայմանները շատ աւելի տարբե՞ր էին 1988-էն մինչեւ 1995, երբ լիբանանահայութիւնը մէկ մարդու պէս բոլորանուէր օժանդակութեան փութաց երկրաշարժէն տուժածներուն եւ վերապրողներուն, ինչպէս նաեւ` Արցախեան սրբազան գոյամարտին:

Արդարեւ, դժուարութիւնները մէկէ աւելի են անտարակոյս, սակայն մեր պարտաւորութիւնները առայժմ աւելի բարոյահոգեբանական, մարդասիրական, քարոզչական, քաղաքական եւ կազմակերպչական են, քան սոսկ նիւթական: Առ այդ, քանի տակաւին ուշ չէ, առնուազն մեր կարելիութեանց սահմաններուն մէջ օգտակար եւ մասնակից դառնանք հայկական Ջաւախքէն արտագաղթը մասամբ կասեցնելու, գործազրկութեան դէմ պայքարի, բնակչութեան մարդավայել աշխատանք ունենալու եւ գիւղատնտեսութիւնը կազմակերպելու համար` իբրեւ հիմնական կռուան տուեալ շրջանի գոյատեւման:

Ներկայիս Վրաստանը, հակառակ Հայաստանի իշխանութիւններուն ցուցաբերած բարեացակամ եւ կառուցողական քաղաքականութեան, հակառակ հայկական ազգային պահանջատէր կուսակցութիւններուն ցուցաբերած զոյգ ժողովուրդներու բնականոն յարաբերութիւններուն զարգացման միտող քաղաքականութեանց, ամէն ճիգ կը թափէ Ջաւախքը պարպելու իր հայ բնակչութենէն եւ շրջանը բնակեցնելու վրացիներով եւ մեզխեթ թուրքերէ:

Վրաստանի այս քաղաքականութեան տուն տուող բազմաթիւ պատճառներէն մեծագոյնը կարելի է սեպել օրին շատ խօսուած եւ միջազգային ընտանիքին ուշադրութեան հիմնական առարկան դարձած քարիւղատարի կառուցումը, որուն իբրեւ արդիւնք Վրաստան ռազմաքաղաքական ապահով հակակշիռ կ՛ունենար միջազգային բոլոր կողմերուն վրայ: Պէտք է ըսել, որ օրին քարիւղի խողովակաշարերու կառուցման երեք տարբերակներ գոյութիւն ունէին:

Այդ իմաստով Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ ստորագրուեցան զանազան համաձայնագրութիւններ` Թուրքիոյ մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ կազատարի կառուցման եւ այս խողովակաշարերուն անվտանգութեան համար ալ օրին ապահովական համաձայնագրութիւններ ստորագրուեցան Ազրպէյճանի, Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ, անշուշտ հակառակ Ռուսիոյ տեսակէտին:

Ռազմաքաղաքական այս տուեալներու լոյսին տակ պէտք է դիտարկել մէկ կողմէ ջաւախքահայութեան նկատմամբ Վրաստանի իշխանութիւններուն վարած խտրական քաղաքականութեան դրդապատճառները, իսկ միւս կողմէ Վրաստանի ամբողջ տարածքին տակաւին շարունակուող Թիֆլիսի կեդրոնական իշխանութիւններու վարած ամբարտաւան եւ խիստ կողմնակալ քաղաքականութիւնը, երկրի զանազան փոքրամասնութիւններու տարրական իրաւունքներու ոտնահարման գծով, ինչ որ մէկ կողմէ ազգամիջեան բախումներու առաջնորդեց երկիրը, իսկ միւս կողմէ վրաց-ռուսական պատերազմի պատճառ դարձաւ:

Արդարեւ, միջազգային ներկայ քաղաքական կացութեան մէջ ծայրայեղականներու դէմ միջազգային պայքարի անհրաժեշտութեան առկայութիւնը, «Արաբական գարնան» անկանխատեսելի հետեւանքները, Իրանի ու միջազգային հանրութեան բանակցութիւնները եւ պատժամիջոցներու մեղմացումը, Սուրիոյ բախումները եւ շրջանային ուժերու վերադասաւորման այս հանգրուանը ցոյց կու տան, թէ հակառակ որոշ ներքին քաղաքական փոփոխութիւններու, որոշ չափով Ռուսիոյ հետ յարաբերութեանց գծով զգալի տարբերութեան, նախագահի փոփոխութեան եւ նոր վարչակազմի կողմէ կատարուած այն խոստումներուն, որոնք կը վերաբերին տուեալ թղթածրարներուն, Վրաստան մեծ գրաւ դրած է իր տարանցիկ երկիր մը ըլլալու հանգամանքին վրայ: Եւ ասիկա` փոխանակ առարկայական եւ փոխադարձ վստահութիւն ներշնչող քաղաքականութեամբ մը վերաբերելու  երկրին բոլոր քաղաքացիներուն հետ եւ ակնկալուած արդար ու կայուն կարգավիճակներով հանդէս գալու` ի խնդիր երկրին խաղաղութեան ու զարգացման: Այս ձեւով, արդէն իսկ տարանջատուած Վրաստանի իրականութիւնը աւելի չի խորանար, անլուծելի չեն դառնար անյետաձգելի ազգային փոքրամասնութեանց հիմնահարցերը եւ երկրի անդորրութիւնը լծակի մը վերածուելով` այլ կողմի մը քաղաքական յարաբերութեան ու շահարկման առարկան չի դառնար:

Սակայն, մեր այսօրուան հրատապ խնդիրը ի՞նչ ընելն է եւ ինչպէ՞ս կազմակերպուիլ ազգովին, որպէսզի հայկական Ջաւախքը զոհ կամ կռուախնձորը չդառնայ աշխարհակալական անհեթեթ մրցակցութեան:

Հայկական Ջաւախքի խնդիրին քաղաքական ձեւակերպման եւ արդար եզրայանգումին մեծապէս կը սատարեն համահայկական հետաքրքրութեան ցուցաբերումը, ուժերու կեդրոնացումը, հայկական արեւելումի վերաշխուժացումը եւ կարեւորումը պետական մակարդակի վրայ, որպէսզի այդ շրջանին  հայութեան շահերուն պաշտպանութեան ուղղուած համապարփակ ծրագիրներու առկայութիւնը վերածուի քաղաքական լուրջ գործօնի: Աւելի՛ն. համոզուած ենք, որ տակաւին Վրաստանի հետ միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը բոլորովին սպառած չեն կամ օգտագործած չեն իրենց բոլոր կարելիութիւնները, լաւ հաշուարկելով հանդերձ շրջանի զգայնութիւնները եւ զոյգ ժողովուրդներուն պատմաքաղաքական փորձառութիւններէն բխած կասկածամտութիւնները: Բայց եւ այնպէս թերեւս հիմա ժամանակն է երբեմն չհիմնաւորուած աւելորդ զգուշաւորութենէն անցնելու հայկական շահերու հետապնդման աւելի շեշտակի ու հետեւողական քաղաքականութեան: Մանաւանդ որ շրջանին մէջ բոլորովին ալ առանձին չենք եւ կրնանք քաղաքական դաշնակիցներ ունենալ:

Վերջին հաշուով քաղաքականութիւնը տեսակ մը առեւտուր է, ուստի, պէտք է հետեւիլ  վաստակաւոր ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի խօսքին.  «Յուսատու պայմաններ միշտ պէտք է որոնել, բայց մանաւանդ ստեղծել, պայքարիլ անձնական օրինակով, ի գին ամէն բանի, ոչ միայն դուրսը` արտաքին ճակատի վրայ, այլ` յատկապէս ներսը, ներազգային ճակատի վրայ»: Շարունակելով խօսքը. «Արտաքին պայմանները որքան ալ յուսատու ըլլան կամ նպաստաւոր, անօգուտ են, եթէ խնդրոյ առարկայ ազգը կամ ազատագրական շարժումը պատրաստութեան կազմակերպչական եւ նիւթական հզօրանքի կերտման ու ներքին ուժերու ամրապնդման երկարատեւ շրջան մը բոլորած չէ, որպէսզի առաջին իսկ յարմար առիթին իր սեփական քաղաքական արդար կամքը ընդունիլ տայ տուեալ շրջանային թէ միջազգային քաղաքական շրջանակներուն»:

Եւ վերջապէս, ինչպէս տակաւին իննսունականներուն սկիզբը հայ ժողովուրդը Արցախի անառիկ լեռներուն ազատագրութեան համար ո՛չ մէկ ճիգ խնայեց, հակառակ ընթացիկ նիւթական, քաղաքական թէ կազմակերպական դժուարութիւններուն, այսօր ալ նոյն համոզումով եւ թափով պէտք է աշխատիլ, որ Ջաւախքը նոր Նախիջեւան չդառնայ կամ Նախիջեւանի քաղաքական եւ ժողովրդագրական ճակատագիրին չենթարկուի:

Արդարեւ, բարգաւաճ եւ կայուն Հայաստանի, հզօր եւ կազմակերպ սփիւռքի, Արցախի ինքնորոշման, Ջաւախքի ինքնավարութեան, Նախիջեւանի ազատագրութեան եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման գործը, եւ այլ ընթացիկ աշխատանքներու երթը այնքան կախեալ չեն այս կամ այն աշխարհաքաղաքական ռազմավարական թէ տնտեսական հաշուարկներէ, որքան կախեալ են, ինչպէս ընկ. Վազգէն Էթիեմեզեան պիտի ըսէր. «Պայքարի մեր անհատական եւ հաւաքական յանձնառութիւններէն, համազգային այդ առաքելութիւնները գործի վերածելու մեր կամքէն, կազմակերպական ուժէն եւ մարտունակութեան մեր ոգիէն»:

Որովհետեւ վերջապէս մե՛նք ենք մեր սարերը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES