Տեսակէտ. Հայկական Քեսապը Վտանգուած Է…

ԱՆԻ ՈՒՐՖԱԼԵԱՆ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Սփիւռքի երկու հայկական գիւղերէն Քեսապը` հայկական Կիլիկիոյ միակ գիւղը, որ Թուրքիոյ ենթակայ չէ, յարձակման ենթարկուած է, ժողովուրդը հեռացած է իր հարազատ գիւղէն, տեղահանուա՞ծ է, ո՛չ, կրնա՞յ տեղահանուիլ, ինչո՞ւ ոչ, չէ՞ որ թուրքը դերակատար է այս բոլորին մէջ, չէ՞ որ իր սահմանը բացած է յարձակողներուն դիմաց, չէ՞ որ զէնք եւ զինամթերք մատակարարած է յարձակողներուն… Պատմութիւնը կը կրկնուի, կրկնուեցա՛ւ երբ Հալէպի եկեղեցիները թիրախ դարձան թուրքին դրդումով, երբ Հալէպի մեր դպրոցներու վրայ ռումբեր տեղացին, երբ Հալէպի մեր ակումբները պայթեցնել փորձեցին: Այսքանով չգոհանալով եւ համաձայն իրենց սովորութեան` թալանեցին եւ կողոպտեցին հայու ճակտի քրտինքով հաստատուած գործարաններն ու արհեստանոցները:

Այո՛, այս բոլորին պատասխանատուն թուրքն է, ՑԵՂԱՍՊԱՆ թուրքը, գործածած միջոցները նոյնն են, 99 տարի ետք թուրքը չէ մոռցած իր թրքութիւնը, իսկ մե՞նք… մենք մոռցած ենք մեր հայութիւնը: Թուրքը առիթ չի փախցներ շարունակելու հայերու հալածանքը, իսկ մենք առիթ չենք փախցներ այցելելու Թուրքիա, գնելու թրքական ապրանք (մեղք է, շա՜տ դրամ կը ծախսէ զինամթերք ապահովելու եւ մեր գլխուն տեղացնելու համար), «ուխտագնացութիւններ» կը կազմակերպենք… բայց ուշադի՛ր, Քեսապն ալ նոր ուխտագնացութեան վայրի մը չվերածէ ցեղասպան թուրքը:

Ո՞ւր կը կայանայ այս բոլորին գաղտնիքը, դեռ մինչեւ ե՞րբ պիտի քծնինք, մինչեւ ե՞րբ պիտի տառապինք ստորակայութեան բարդոյթէն, մինչեւ ե՞րբ պիտի արդարացնենք Թուրքիա երթալու մեր արարքները` ժողովի համար, գործի համար, առեւտուրի համար: Կը մնայ, որ բժիշկները դեղագիրներով բուժումի համար Թուրքիոյ ծովեզերքները ղրկեն հայ հիւանդները…

Այսօր` հայկական Քեսապը, վաղը` ո՞վ գիտէ հայկական ո՛ր գաղութը, ո՛ր հայահոծ շրջանը ենթակայ պիտի ըլլայ թուրքին ոտնձգութիւններուն, արդեօք լիբանանեան շուկան թրքական ապրանքներով ողողելը հակահայ քաղաքականութեան մէկ դրսեւորումը չէ՞, երբ վաճառականները հայ են ընդհանրապէս: Արդեօք նոյն քաղաքականութեան մէկ այլ դրսեւորումը չէ՞ն այսպէս կոչուած «հայ մտաւորականներ»-է բարձրացող ձայներ, որոնք չքմեղանքով կը գրեն դէպի Թուրքիա կատարած իրենց «ազգային» պարտականութեան մասին եւ կամ կ՛արդարացնեն ազերիին իմա՛ թուրքին արարքները, եւ մտածել, որ Ցեղասպանութիւնը հետազօտող հիմնարկի մը երբեմնի պատասխանատուն է անոնցմէ մին: Եւ կամ այսպէս կոչուած` «թուրք այլախոհ» մտաւորականներ, որոնք համարձակօրէն կը յայտարարեն Հայոց ցեղասպանութեան իրականութեան մասին, բայց կը զգուշացնեն` ճանաչում` այո՛, հատուցում` հաւանաբար, բայց հողերու վերադարձ… երբե՛ք:

Այսօր հայկական Քեսապը, վաղը` ո՜վ գիտէ ուր:

23 մարտ, 2014

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )