Քեսապի Ապտակը Եւ Հայոց Դասը

ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ

Ոչ ոք կը սպասէր եղածը` այդ ահաւոր զինուորական լայնածաւալ յարձակումը: Քանի մը ժամուան մէջ Քեսապը պարպուեցաւ եւ անցաւ թշնամի խուժանին տրամադրութեան տակ: Ցնցիչ այս պատմական եղելութիւնը հայութեան մեծ հարուած մը հասցուց մէկ կողմէն, իսկ միւս կողմէն` ծանր դաս մը եղաւ անոր:

Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութիւնը քաղաքական համաշխարհային տարողութիւն ունեցող մուրճի եւ զնդանի միջեւ կը գտնուի արդէն շատոնց: Հայութիւնն ալ մաս կազմելով այս տարածաշրջանին` կրած է եւ կը կրէ երկբեւեռ այս հակամարտութեան ծանր հետեւանքը: Այս իրականութիւնը Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայերուն մէջ տարակուսալի տագնապ կը ստեղծէ . մնա՞լ հոս, թէ՞ գաղթել, մինչեւ ե՞րբ այսպէս պիտի մնայ կացութիւնը, Սուրիան պիտի վերականգնի՞,  Հայաստան հաստատուիլը նպաստաւո՞ր է եւ շարք մը այլ հարցումներ :

Տարածաշրջանի անկայունութեան պատճառած տնտեսական ճգնաժամը անուղղակիօրէն խթան կը հանդիսանայ արտագաղթին` դէպի հեռաւոր ամերիկաներն ու աւստրալիաները: Արտագաղթ` կը նշանակէ լքել երկիրը` երկրորդ հայրենիքը,  դէպի մայր Հայրենիքէն շատ հեռու վայրեր: Ինչպէս նաեւ արտագաղթ կը նշանակէ այս հզօր գաղութը, անոր բովանդակած համազգային դերակատարութեամբ, տկարացնել` հետզհետէ անոր հետ տկարացնելով ողջ հայութիւնը:  Տնտեսական գործօնը, եթէ անուղղակիօրէն, տեղահան կ՛ընէ արեւելքցի հայը, ապա պատերազմի ու անապահովութեան գործօնը ուղղակիօրէն` կայծակի արագութեամբ , կը տեղահանէ զայն: Փաստօրէն, Քեսապը հայաթափուած, աւերի ու թալանի հող դարձած է :

Այս ժխտական իրականութիւնները հայ ազգը ճգնաժամի մէջ կը դնեն, ինչ որ աւելի զգօն,միասնական ու պատրաստ ըլլալու վիճակ կը ստեղծեն:

Երբ, Լիբանանն ու Սուրիան ընդգրկող տարածաշրջանը անտառային համազօրութեան հանդէս եղած է, միայն ու մի միայն անտառի օրէնքը կ՛ըլլայ հաւաքականներու փրկութեան աղբիւրը: Անտառի օրէնքը, արդարեւ, կ՛ենթադրէ ուժի ապաւինիլ: Ուժ չի նշանակեր նուաճողական բանակ կազմել ու տարածաշրջանային մէկ առանցքին թեքիլ` ընդդէմ միւս առանցքին, ինչ որ հայութիւնը թիրախ կը դարձնէ երկարատեւ արիւնահոսութեան ու տմարդի ոճրագործութեան: Արդարեւ, թաղային ու գիւղական ինքնապաշտպանութեան մասին է խօսքը, որ ինչպէս Լիբանանի ներքին պատերազմի օրերուն նուազագոյն վնասով դուրս բերաւ հայութիւնը:

Քեսապի ահազանգը կանխարգելիչ քայլերու կոչ է շրջանի հայութեան, որ պատրաստ ըլլայ նման ռազմական փորձանքներու: Նշանաւոր առածը կ՛ըսէ. «Փորձանքը մէկ անգամ կը պատահի» եւ իրապէս այդպէս է. Քեսապը կը վկայէ:

Յամենայնդէպս, Էրտողանը այպանելով եւ օտար ռազմական ուժերու փրկարար նաւատորմիղներն ու ջոկատները սպասելով` գետնի վրայ ոչինչ կ՛իրագործուի: Օրհասական վիճակի պահուն ողբալն ու պատեհապաշտութիւնը գեղեցիկ յատկանիշներ չեն, թէ՛ ձեռնտու չեն եւ թէ՛ թուլութեան նշաններ են: Թրքական դեսպանատուներու առջեւ բողոքի ցոյցեր կազմակերպել, քարոզարշաւներ, բարձրաստիճան պետերու խնդրագիրներ յղել եւ այլ մագլցողական քայլերու դիմել` բնականաբար գնահատելի արարքներ են: Այդուհանդերձ, ինքնապաշտպանական միջոցառումներն են, որ զանգուածին գոյապայքարին երաշխաւոր կը հանդիսանան:

Խիզախն է, որ կը յարգուի ու ձեռք կը ձգէ իր իրաւունքները, թէկուզ փշոտ ըլլայ անոր ճամբան: Ուստի, խիզախ քայլերը միայն կրնան փրկարար ըլլալ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )