Կարգ Մը Սննդարար Ուտելիքներ. Փակեղնը / Դդումը (Pumpkin)
ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ
Փակեղնը հարուստ է պեթա-քարոթին-ով, որ հականեխիչ է եւ դէմ կը դնէ քաղցկեղային եւ սրտանօթային հիւանդութիւններուն: Անիկա կը պայքարի նաեւ ծերութեան ազդանշաններուն դէմ: Փակեղնը աղքատ է ջերմուժի` քալորի-ներու տեսակէտէն, ինչպէս նաեւ սակաւ է անոր սոտիումի եւ ճարպի քանակը, սակայն կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ սննդարար բնաթել:
Փակեղնի կուտը հարուստ է փրոթէինով, երկաթով եւ մակնիզիոմով:
Նուռը
Նուռը կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ հականեխիչ տարրեր, ի մասնաւորի` Էլլաժիք թթուն, որ կը նուազեցնէ բորբոքումն ու անոր տեսակները, որոնք, ըստ բժիշկներու, կրնան պատճառներէն ըլլալ քաղցկեղային եւ սրտանօթային հիւանդութիւններու:
Ըստ վերջին ուսումնասիրութիւններու, ի յայտ եկաւ, թէ նուռի հիւթը յաջողեցաւ դէմ դնել սրտանօթային կարգ մը հիւանդութիւններու բարդացման, ինչպիսին է քորոնըրի հարթ տիսիզ-ը:
Ուսումնասիրութիւնները փաստեցին նաեւ, թէ նուռի հիւթը կը նուազեցնէ փրոսթաթի (շագանակագեղձի) քաղցկեղի յառաջացման հաւանականութիւնը, կը բարելաւէ արեան հոսքը դէպի սիրտ եւ դէպի սեռային գործարաններ:
Կոճապղպեղ (Ginger)
Կոճապղպեղը կը պարունակէ տարրեր, որոնք կ՛օգնեն արեան գերճնշումի նուազեցման եւ արեան շրջանառութեան բարելաւման. ինչպէս նաեւ կոճապղպեղը կ՛օգնէ յօդերու բորբոքումէն յառաջացած գլխացաւերու բուժման: Այդ մէկը կը կատարէ փրոսթակլանտիններու յառաջացումը արգիլելով, որոնք բորբոքում կը պատճառեն:
Կարմիր Պղպեղը
Կարմիր պղպեղը կը զօրացնէ մարմնին պաշտպանողականութիւնը: Անիկա կը պարունակէ պեթա-քարոթին եւ աղբիւր է կենսանիւթ Սէ-ի: Անոր պարունակած կենսանիւթ Սէ-ն երեք անգամ աւելի է նարինջին մէջ գտնուող կենսանիւթ Սէ-էն:
Կաղամբը
Կաղամբը հարուստ է լութին տարրով, որ օգտակար է աչքի առողջութեան համար: Ան կը պաշտպանէ աչքը զանազան հիւանդութիւններէ, ինչպիսին է «կապոյտ ջուր»ը:
Կաղամբը հարուստ է նաեւ պեթա-քարոթինով, ֆոլայթով, կենսանիւթեր Սէ-ով եւ էօ-ով: Կը պարունակէ նաեւ որոշ քանակութեամբ քալսիոմ եւ մակնիզիոմ, որոնք անհրաժեշտ են ոսկորներու առողջութեան համար:
Լոլիկը
Լոլիկը հարուստ է լիքոպին տարրով, որ պաշտպանող վահան մըն է քաղցկեղի դէմ, նաեւ` սրտանօթային, թոքերու եւ կուրծքի զանազան հիւանդութիւններու դէմ:
Եփած լոլիկին մէջ լիքոպինի ազդեցութիւնը շատ աւելի է: Հետեւաբար լոլիկի թացան եւ մածուկ յաճախ պէտք է սպառել:
Ընկոյզը
Ընկոյզը սննդարար ուտելիքներու շարքին կը դասուի: Անիկա կը պարունակէ չհարստացուած ճարպ, որ կը բարձրացնէ լաւ տեսակի ճարպին` LDL-ին քանակը: Ըստ Հարվըրտի մէջ կատարուած ուսումնասիրութեան մը, այն կիները, որոնք բաւարար քանակութեամբ, շաբաթը հինգ անգամ ընկոյզ կը սպառեն, անոնց մօտ 20 առ հարիւր կը նուազի երկրորդ խումբի (Type 2) շաքարախտ ունենալու հաւանականութիւնը: