Փորձ-Հարցարան. Ինչպէ՞ս Կը Վերաբերիք Ձեր Առողջութեան Հետ
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
1
Բժշկական քննութիւնները ժամանակին կը կատարէ՞ք:
2
Բժշկական գրականութիւն կը կարդա՞ք:
3
Պատկերասփիւռէն բժշկական հաղորդումներու կը հետեւի՞ք:
4
Կենսանիւթեր (դեղահատ) կ՛օգտագործէ՞ք:
5
Կը խուսափի՞ք ձեր առողջութեան վնասող ուտելիքներէն:
6
Խոտաբոյսեր կամ ժողովրդական միջոցներ կ՛օգտագործէ՞ք
7
Յաճախ կը խօսի՞ք ձեր առողջական վիճակին մասին:
8
Երբ ծանր գլխացաւ ունենաք, ձեր մտքէն անբուժելի հիւանդութիւն կ՛անցնի՞:
9
Երբեք կասկածա՞ծ էք, որ ձեր մօտ ծանր հիւանդութեան ազդանշաններ կան:
10
Երբ անտրամադիր էք կամ մտահոգ, սովորութիւն ունի՞ք երթալու եւ քնանալու:
11
Երբ կեդրոնացած կ՛աշխատիք, գլխացաւ կ՛ունենա՞ք:
12
Երբեք ձեզ մեղադրա՞ծ են հիւանդ ձեւանալու յանցանքով:
13
Կը պատահի, որ հիւանդ ձեւանաք հանդիպումէ մը բացակայելու համար:
14
Ցուրտ սենեակի մէջ կրնա՞ք քնանալ:
15
Վարակիչ հիւանդութիւններէ կը վախնա՞ք:
16
Յաճախ բժիշկի կ՛այցելէ՞ք:
17
Յաճախ կը կշռուի՞ք:
18
Գլխապտոյտ կ՛ունենաք:
19
Տան մէջ ժառանգական հիւանդութիւններ կա՞ն:
20
Յաճախ կը ստուգէ՞ք ձեր լեզուին տեսքն ու գոյնը:
21
Սրտի բաբախում կ՛ունենա՞ք:
22
Յաճախ կը կշռուի՞ք:
23
Տան մէջ մեծաքանակ դեղ կը պահէ՞ք:
24
Անցեալին դպրոցէն կը բացակայէի՞ք` անհանգստութիւն պատճառաբանելով:
25
Ներկայիս գո՞հ էք ձեր առողջական վիճակէն:
ԱՐԴԻՒՆՔ
Իւրաքանչիւր դրական պատասխանի համար 1 միաւոր հաշուեցէք իւրաքանչիւր բացասականի` 0:
Եթէ 14-25 միաւոր հաւաքեցիք, ձեր յաճախակի մտահոգութիւնները կրնան լուրջ վնաս պատճառել ձեր առողջութեան: Չափազանցուած կասկածամտութիւնը առողջ մարդն իսկ կրնայ հիւանդացնել: Մի՛ անտեսէք ձեր անհանգստութիւնները, դիմեցէ՛ք բժիշկին, հետեւեցէք դարմանումի, բայց ձեր անհանգստութիւնը մղձաւանջի մի՛ վերածէք:
***
Եթէ 4-13 միաւոր հաւաքեցիք, դուք ողջմիտ անձ էք, ձեր առողջութեան հետ կը վերաբերիք խելացի ձեւով, այս իսկ պատճառով կ՛ապրիք բնականոն կեանք մը:
***
Եթէ 3-էն պակաս միաւոր ապահովեցիք, քիչ մը անտարբեր էք ձեր առողջութեան նկատմամբ, լաւ կ՛ըլլայ, որ տարեկան քննութիւններու ենթարկուիք, քանի որ նախընտրելի է զգուշանալ, քան աւելի ուշ` բուժուիլ:
Առողջապահական
Գեղեցկացնող Ներարկումները
Կրնան Կուրցնել
Ամերիկացի ակնաբուժները կը զգուշացնեն, որ երիտասարդացնող ներարկումները` աչքի եւ ճակատի շրջանը կրնան կուրութիւն պատճառել:
«ԺԱՄԱ օֆթալմոլոճի» ամսագրին մէջ լոյս տեսած յօդուածով մը, գիտնականները կը բացատրեն, թէ աչքին շուրջ ներարկումները կրնան վնասել այդ հատուածին մէջ գտնուող մանր արիւնատար անօթներուն եւ շրջափակել արեան շրջագայութիւնը: Այդ պարագային, հարիւրէն յիսուն հաւանականութիւն կայ, որ ենթական իր տեսողութիւնը կորսնցնէ:
Գիտնականները կ՛ընդգծեն, թէ նման դէպքեր քիչ կը պատահին, այսուհանդերձ, զգուշացումը խիստ կարեւոր է:
Մէկ Ժամ Քալելը
14 Տոկոսով Կը Պակսեցնէ…
Ամերիկացի գիտնականներ կրկին կը հաստատեն, որ 50 եւ աւելի բարձր տարիքի կիներ, որոնք օրական մօտաւորապէս մէկ ժամ կը քալեն` շնչելով մաքուր օդ, 14 տոկոսով պաշտպանուած կ՛ըլլան կուրծքի քաղցկեղէ:
«Տը թելեկրաֆ»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը համաձայն, հետազօտութիւն մը կատարուած է 73615 հազար 50-74 տարեկան կիներու վրայ, եւ մասնագէտներ հետեւած են անոնց առողջական վիճակին: 10 տարի ետք մասնագէտները եկած են այն եզրակացութեան, որ այն կիները, որոնք շաբաթը աւելի քան 7 ժամ բացօթեայ քալած են, անոնց մօտ կուրծքի քաղցկեղի յառաջացման հաւանականութիւնը 14 տոկոսով նուազած է:
Գործնական Միջոցներ Առտուն Կայտառ Արթննալու Համար
Երկրագունդի վրայ իւրաքանչիւր 3-ի վրայ մէկ բնակիչ առտուն «արթննալու» համար գաւաթ մը սուրճ կը խմէ, իսկ մնացեա՞լը, ահա թէ ի՛նչ կրնայ ընել աշխուժանալու համար:
Ա.- Պայծառ Լոյս
Առաւօտեան կենսուրախութիւնը կախեալ է այն իրողութենէն, թէ ինչպէս կը սկսի ձեր առաւօտը: Մասնագէտներ խորհուրդ կու տան արթննալ պայծառ ու լուսաւոր սենեակի մէջ: Իսկ ձմեռը կրնաք լուսամփոփ մը դնել մահճակալին քով:
Բ.- Զարթուցիչի Առաջին Զարկ…
Դարձեալ մասնագէտներու կարծիքով, պէտք է արթննալ զարթուցիչի առաջին զարկին հետ եւ չսպասել երկրորդ կամ երրորդ զարկը: Որքան ձեր վերմակին փաթթուիք եւ ուշ բանաք ձեր աչքերը, այնքան անտրամադիր եւ թոյլ կը բաժնուիք ձեր տաքուկ «բոյն»-էն:
Գ.- Քանի Մը Շարժում
Նախքան անկողինէն ելլելը` քանի մը շարժում կատարեցէք պառկած կամ նստած դիրքով: Կրնաք խանդավառ երաժշտութիւն դնել եւ… պարի շարժումներով պատրաստուիլ գործի մեկնելու:
Դ.- Ջուր Խմել
Մարմինը ջուրի պէտք ունի, մանաւանդ` երկար գիշերէ մը ետք: Բաժակ մը ջուր դրէք ձեր մահճակալին մօտ եւ քանի մը ումպ խմեցէ՛ք նախքան մահճակալէն ելլելը:
Ե.- Լոգանք Եւ Նախաճաշ
Անգամ մը որ ոտքի ելաք, արթննալու առողջ եւ լաւ միջոց է գաղջ լոգանք մը առնելը եւ ապա թեթեւ նախաճաշ մը ընելը:
Խոհագիր
Շոմինով Գետնախնձոր
Բաղադրութիւն
– Պզտիկ տուփ մը թարմ սեր
– 120 կրամ կարագ
– 6 գետնախնձոր
– 20 կրամ սունկ
– 300 կրամ սառած շոմին
– 1 պճեղ սխտոր
– 1 լոլիկ
– 180 կրամ փարմըզան պանիր
– 100 կրամ աղի կրկնեփ
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
– Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:
– Գետնախնձորները կեղուել եւ 10 վայրկեան խաշել աղի ջուրի մէջ: Ջուրէն հանել, գլուխէն բաժին մը կտրել եւ փորել:
– Գլուխներն ու միջուկը ճզմել 20 կրամ կարագին մէջ եւ 80 կրամ փարմըզանին հետ:
– Լոլիկները մանրել մէկ կողմ ձգել:
– Տապակի մը մէջ տաքցնել 30 կրամ կարագը, ճզմուած սխտորին հետ, աւելցնել սառած շոմինը եւ եփել: Աղել, համեմել:
– 50 կրամ կարագի մէջ դարձնել սունկերը եւ աւելցնել շոմինին ու թարմ սերին վրայ:
– 100 կրամ փարմըզանին աւելցնել փշրուած աղի կրկնեփը:
– Փորուած գետնախնձորները ծեփել 20 կրամ հալած կարագով եւ դարձնել փարմըզան-կրկնեփ խառնուրդին մէջ:
– Փորուած գետնախնձորներուն մէջ նախ լեցնել փարմըզանով խառնուած ճզմուած գետնախնձորը, ապա աւելցնել շոմինով սունկը, երեսը աւելցնել մանրուած լոլիկը:
– Գետնախնձորները շարել ափսէի մը մէջ եւ փուռին մէջ եփել շուրջ 20 վայրկեան:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Սիրերգութիւն
Հաւատացէք ինձ,
մէկ անգամ չէ, որ սիրում են մարդիկ,
սիրում են անվերջ, տարբեր, տարանուն,
բայց մէկ անգամ են սիրուց ցնորւում
խելագարւում են լոկ մէկ, մի սիրուց:
— Այդ խենթացումը սկիզբն է կեանքի,
—այդպէս մեռնում է արեւը հողում…
—հաւատացէ՜ք ինձ,
սիրում են անվերջ, տարբեր, տարանուն,
բայց ցնորւում են միայն մէկ անգամ,
խելագարւում են լոկ մէկ, մի՜ սիրուց:Վ. ՏԷՐԵԱՆ