Պատրաստ Ըլլալ Օժանդակելու
ՎԱՉԷ ՀԱՐՄԱՆՏԱՅԵԱՆ
Սիրելի՛ հայեր,
«Տեսնենք եւ օգտագործենք ծառայութեան ամէն պատեհութիւն, տանք` առանց փոխարժէքը հաշուելու, պայքարինք` առանց վիրաւորուելու, աշխատինք` առանց հանգիստ փնտռելու, ծառայենք`առանց վարձատրութիւն ակնկալելու»:
Այս գեղեցիկ եւ իմաստալից տողերը որքան կը յարմարին ԼՕԽ-ի երկարատեւ տարիներու բարերար եւ օգտաշատ աշխատանքներուն, որոնց մէկ կարեւոր մասնիկն է ԼՕԽ-ի «հանգանակութեան օր»ուան ձեռնարկը:
Ինչպէ՞ս կարելի է այսպիսի եզակի եւ հայ կնոջական աննման կազմակերպութեան չօգնել, չնպաստել, չտալ ամբողջական հաւատքով եւ կարելի ու անկարելի միջոցներով, հոգ չէ թէ` մեր նուազագոյն լումաներով:
Ուրեմն, առանց երկմտելու, իւրաքանչիւր հայ պատրաստ ըլլայ յօժարակամ մասնակցելու ԼՕԽ-ի հանգանակութեան օրուան:
Տա՛նք` առանց փոխարէնը սպասելու:
ՎԱՉԷ ՀԱՐՄԱՆՏԱՅԵԱՆ
Տնօրէն` Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան
միջնակարգ վարժարանի

