Իւրաքանչիւր Լիբանանահայու Ազգային Պարտականութիւնն Է Նեցուկ Կանգնիլ ԼՕԽ-ին

ԿՐԵԿՈՒԱՐ ԳԱԼՈՒՍՏ

Լիբանանի օգնութեան խաչը իր հիմնադրութեան օրերէն կը ծառայէ լիբանանահայ ընկերութեան ընկերատնտեսական ու առողջապահական վիճակի բարելաւման ու բարեկարգման աշխատանքներուն:

ԼՕԽ-ը իր պատմութեան ընթացքին ոչ մէկ ատեն խտրութիւն դրած է եւ հասած է բոլորին` առանց բացառութիւններու, ինչ որ առաւել եւս կ՛արժեւորէ եւ կ՛ամրապնդէ ազգանուէր եւ մարդանուէր կառոյցին համամարդկային եւ նուիրական գործունէութիւնը:

ԼՕԽ-ը հո՛ն է, ուր հայ մը կարիք ունի պատառ մը հացի, դեղորայքի, կրթաթոշակի, դարմանումի, հոգատարութեան, գուրգուրանքի…

Լիբանանի ընկերութեան դիմագրաւած առկայ բազմատեսակ դժուարութիւններուն դէմ յանդիման, ԼՕԽ-ի նախաձեռնած տարեկան հանգանակութիւնը էապէս կը նպաստէ, որ կառոյցին գործունէութիւնը գոյատեւէ, արդիւնաւորուի եւ ի հարկին` ճիւղաւորուի:

Այս առիթով, իւրաքանչիւր լիբանանահայու ազգային ու բարոյական պարտականութիւնն է կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ բարոյապէս եւ նիւթապէս նեցուկ կանգնիլ ԼՕԽ-ին, որ իր աշխատանքները կը ծաւալէ` առանց փոխադարձ ակնկալութիւններու եւ երկրորդական նպատակներու:

Վարձքը կատար իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ականի, որ կամաւոր մըն է, որ իր ժամանակը, միտքը, մարմինն ու հոգին կը նուիրէ լիբանանահայ ընկերութեան ընկերատնտեսական պայմաններու հաւասարակշռման մէջ մեծ նշանակութիւն ու արժէք ունեցող ԼՕԽ-ին, որպէսզի նոյնինքն կառոյցին ճամբով ծառայէ իր ժողովուրդին…

ԿՐԵԿՈՒԱՐ ԳԱԼՈՒՍՏ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան
բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն

Share this Article
CATEGORIES