Քսակները Լայն Բանալու Պարտաւորութեամբ
Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Գնահատանքի եւ երախտագիտութեան շողշողուն խօսքերու կարիքը չունի Լիբանանահայ oգնութեան խաչը: Կնոջական այս մեծ միութեան բարիքներուն կրնաք հանդիպիլ քիչ մը ամէն տեղ, տարբեր բնագաւառներու մէջ:
Մտէ՛ք լիբանանահայ վարժարաններ եւ հոն պիտի գտնէք ԼՕԽ-ի կրթանպաստով մեսրոպեան դպրութեան ու մշակոյթին աշակերտող բազմատասնեակ սաներ եւ սանուհիներ:
Այցելեցէ՛ք ԼՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոն եւ հոն պիտի տեսնէք բժշկական¬առողջապահական ազնուասիրտ աշխատանք` գուրգուրոտ ընկերուհիներու հոգածութեան ներքեւ:
Հանդիպեցէ՛ք ընկերաբժշկական կեդրոնին խոհանոցը եւ շաբաթը երկու անգամ պիտի հանդիպիք ԼՕԽ-ի տաք կերակուրներով իրենց անօթութիւնը յագեցնող անօգնական ծերունիներու:
Շարունակեցէ՛ք ձեր շրջագայութիւնը, բարձրացէք ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարան եւ հոն պիտի գտնէք տասնեակ մը պատանի¬պարմանուհիներ, որոնք դաստիարակ ԼՕԽ-ականներու շունչով դաս կը պատրաստեն, գիրք ու պատմութիւն կը սերտեն, խաղ ու ժամանց կը կատարեն:
Աւելի անդին, Պուրճ Համուտի հայատրոփ մէկ այլ անկիւնը, ծանօթացէ՛ք ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի վաճառատան եւ պիտի նկատէք, թէ խումբ մը նուիրեալ հայուհիներ որքա՜ն երախտարժան աշխատանք կը կատարեն` կորուստէ փրկելով մեր տոհմիկ ասեղնագործութիւններն ու ձեռարուեստի աննման գոհարները:
Եւ դեռ, շրջեցէ՛ք Լիբանանի ամբողջ տարածքը, այցելեցէք մեր 26 ակումբներն ու կեդրոնները եւ ամէնուրեք պիտի հանդիպիք ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու` հայ մարդոց ընկերատնտեսական հոգերը թեթեւցնող, ծերերու եւ անօթեւաններու տիրութիւն ընող, սուրիահայ գաղթականներու կարիքներուն հասնող շնորհակալ ձեռքերու:
Շարունակե՞նք. ամրան բարձրացէ՛ք Այնճար եւ սեփական աչքերով վկան եղէք «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանին մէջ մատղաշ սերունդին հանդէպ ցուցաբերուած կարեկից խնամքին:
Ու տակաւին, ի՜նչ ըսենք ԼՕԽ-ականներու այն կամաւոր բանակին մասին, որ օրն ի բուն ձեռնարկներ կը կազմակերպէ, քարոզչական-յարաբերական լայն աշխատանք կը տանի, դաստիարակչական-առողջապահական դասախօսական շարքեր կ’իրագործէ եւ կազմակերպչական անաղմուկ գործ կը կատարէ:
Իսկ երբ մտածէք, որ գթութեան հայանուէր այս ծաւալուն գործը կը կատարուի ո՛չ թէ պետական պիւտճէներու միլիոնաւոր տոլարներով, այլ` գաղութի ազգայիններու կաթիլ-կաթիլ նուիրատուութիւններով, այն ատեն միայն կրնաք գիտնալ արժէքն ու իմաստը ԼՕԽ-ի տարեկան հանգանակութեան, որուն մասնակցելու հրաւիրուած ենք բոլորս, անխտի՛ր, մեր քսակները լիաբուռն բանալու ազգային անյետաձգելի պարտաւորութեամբ:
Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Տնօրէն Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան
երկրորդական վարժարանի

