ԼՕԽ-ի Հանգանակութեան Առիթով. Մոռցի՛ր Տուածդ, Յիշէ՛ Ստացածդ Միայն
ՀԵՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
Ապրիլի սկիզբը Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մասնաճիւղերը կը կատարեն իրենց տարեկան հանգանակութիւնը:
Նախաձեռնութիւն մը, որուն մասին խօսիլը սովորութիւն դարձած է:
Ոեւէ անձ, որ կը տիրանայ անհատական բարձր աստիճանի, պէտք է գիտակցի, թէ կեանքը պայքար մըն է, զոհողութեան ու կռիւ մղելու, հաւաքական արժէքներու ճանաչման ու անհատական փրկութեան համար, անձնասէր կարելի չէ ըլլալ: Պատասխանատու պէտք է զգանք, անձնական կեանքի մէջ մեր ըրածներուն համար. հայ օգնութեան խաչը 1930-էն ի վեր գիտակցած է անսակարկ նուիրումով հասնիլ իր ժողովուրդին տկար կողմերուն, մասնաւորաբար` կրթական ու դաստիարակչական բաժիններուն վրայ կեդրոնանալով. հաւաքուած գումարներուն մեծագոյն բաժինը յատկացնելով կարօտեալ ծնողներու ուսումնատենչ զաւակներու մտաւոր սնունդին, կազմաւորելով անոնց հոգեկան աշխարհը, պատրաստելու համար մասնագիտական պատրաստութեան տէր երիտասարդներ:
Եւ ԼՕԽ-ը հպարտօրէն կը վստահի մեր հոծ զանգուածներու գիտակցութեան եւ կը դիմէ ու կը ստանայ ուրախութեամբ: Երեխային, ծերին, անգործին, հիւանդին, կարիքաւորին, մոլորուածին համար, ընկերային առողջ համակարգ մը ունենալու համար կ՛աշխատի ԼՕԽ-ը:
Տուէ՛ք ձեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ ու մոռցէ՛ք: Յիշեցէ՛ք, որ ձեր ազգին զաւակները պիտի ստանան` ուսում, դեղ, ուտելիք, հագուելիք, ջերմութիւն, հոգեկան ապահովութիւն: Քաղաքակրթուած մարդու գիտակցութեամբ ու բարձր սկզբունքներ ունենալով` տարին անգամ մը ուրախ ու զուարթ պիտի տանք:

