Ծառայութեան Ճանապարհին. (ԼՕԽ-ի Հանգանակութեան Շաբթուան Առիթով)
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Մեր մանկութեան օրերէն կը յիշենք Լիբանանահայ օգնութեան խաչի ներկայութիւնը մեր դպրոցներուն մէջ: Տարիներ անցած են այդ օրերէն, երբ մեր դպրոցին մէջ կը տեսնէի, կէսօրուան ժամերուն, քանի մը տիկիններ, հասուն տարիքի մայրեր, որոնք սեղաններ կը դնէին եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ, որուն շուրջ կը բոլորուէին չքաւոր կամ որբ աշակերտներ, մանկապարտէզի թէ նախակրթարանի դասարաններէն, պնակ մը տաք կերակուր ուտելու: Բարեբախտաբար ես չեմ նստած այդ սեղաններուն դիմաց, կը թուի, թէ այդքան ճաշ մը ունէինք մեր տան մէջ: Նախքան կէսօրուան տուն մեկնիլը ճաշելու` հոն կարճ պահ մը կը կենայի եւ կը դիտէի ախորժակով ճաշողները:
Այդ հին օրերուն Լիբանանահայ օգնութեան խաչի ծառայութիւններէն գլխաւորը կը կոչուէր «Պնակ մը կերակուր»-ի հանգանակութեան օր: Տարիներ անց այս անունը այդքան ալ յարմար չնկատուեցաւ, վերածուեցաւ «ԼՕԽ-ի հանգանակութեան օր»-ուան:
Եթէ բաղդատական մը ընենք անցեալի օրերու եւ ներկայի ԼՕԽ-ի ստանձնած ծառայութիւններուն միջեւ, հիմա կարկինը լայն բացուած է, օգնութեան հասնելու պարտաւորութիւններ` բազմացած, մասնաւորաբար` յետլիբանանեան պատերազմի: Ներկայիս քիչ մը առաւել գումարում մը կատարեցէք կնոջական այս մեծ ընտանիքին պարտաւորութիւններուն վրայ, հարցը յստակ կ՛ըլլայ ու կը մէջբերենք Սուրիոյ մէջ բռնկած պատերազմին հետեւանքները, Լիբանան եկած մեր սիրելի սուրիահայ հարազատներուն պարագան:
Կարիքը բազմապատկուած է, սիրելի՛ հայորդիներ: Որքան ալ գիտակից ենք մեր երկրին դիմագրաւած տնտեսական կամ այլ կարգի տեսակաւոր տագնապներուն, ստիպուած ենք, պարտաւոր ենք ձեռք երկարելու մեր հայրենակիցներուն, լիբանանցի թէ սուրիացի մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն:
Կը խնդրենք պահանջելու պէս, ու բոլորս ալ շատ լաւ գիտենք, թէ օրերը գեղեցիկ չեն, երբ Քեսապի հայութեան գաղթն ալ սկսաւ:
Այս ճակատագրական եւ ճգնաժամային օրերուն մեզմէ իւրաքանչիւրը իր լուման պէտք է ներդրէ այս սրբազան գործին: Խնայողութեամբ եւ մասամբ նորին: Մենք կրնանք գոհացնել մեր օգնութեան խաչի հայուհիները, երբ անոնք գան ու բախեն մեր տուներուն, մեր վաճառատուներուն դռները: ՏԱԼԸ կարեւոր է, քիչով կամ շատով: Նաեւ` «Կամենալը կարենալ է»: Ոչ ոչ չըսէ` գործ չունինք, օրերը շահաբեր չեն, կամ` այլ կարգի պատճառաբանութիւններ: Այսպիսի օրերուն կարեւոր է լռութեամբ շրջանցել տագնապները` միասնական զօրակցութեամբ: Պահանջը մեծ է, սիրելինե՛ր, կարիքը հսկայական, մեզմէ պահանջուածը` ոչինչ: Մեր զաւակներուն, մեր թեթեւ կամ ծանր պահանջներէն պահիկ մը հրաժարիլ անհրաժեշտ է: Պահեցողութեան այս ժամանակաշրջանին կարեւորագոյն ՊԱՀՔ-ի օր մը նկատեցէք սիրով եւ սրտով ՏԱԼԸ, որպէսզի մեր աղօթքները ընդունելի ըլլան Բարձրեալէն: Խնայողութեան դիմելու առիթները եւ միջոցները բազմաթիւ են: Արդեօք կրնա՞նք հրաժարիլ օրուան մը ծխախոտէն, կամ այլ տեսակի ըմպելիներէն` փոխարժէքը տրամադրելով հանգանակութեան ներկայացող ԼՕԽ-ական հայուհիին: Որքան կարեւոր է այս «փափուկ» օրերուն հետեւիլ Աւետարանի խրատին, ուր կ՛ըսուի.
«Զուարթ սրտով եւ առատաձեռն տուողը Աստուծոյ սիրելին է»:
Այս համոզումով եւ անխախտ հաւատքով օգնենք մեզի դիմող օգնութեան խաչին, որ իր կարգին կարենայ օգնել լայն չափերով ստեղծուած կարիքին, որպէսզի մեր գոյատեւումը ըլլայ բարձրաճակատ, մեր երթը ըլլայ ուղիղ եւ աստուածահաճոյ:
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Վարդուհի Տեկերմենճեան» խոհանոցի դռները բաց են, գացէք եւ տեսէք, թէ որոնք կը ճաշեն հոն, եւ որոնք են այդ ճաշերը մատակարարողները: Այո, «Պնակ մը կերակուր»-ի ճակատագիրը կը շարունակուի:
31 մարտ 2014

