ԼՕԽ. Մեր Խօսքը
Կեանքէն ձեզի ի՞նչ կը մնայ…
Ինչ որ կու տանք ուրիշին` կը վերադառնայ անուշցած ու զօրացած եւ կը մնայ իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ:
Հայ ժողովուրդի նիւթական եւ բարոյական զօրակցութեան շնորհիւ` ԼՕԽ-ականը ծառայութեան եւ նուիրումի ճամբով տուաւ եւ կու տայ հայ աշակերտին, հայ մամիկին, հայ հիւանդին, հայ երիտասարդին, հայ հօր ու մօր ու ստացաւ եւ կը ստանայ անոր աղօթքը, երախտագիտութիւնը, օրհնութիւնը:
«Ծոմապահութեան օր»-ը, «Պնակ մը կերակուրի օր»-ը, «ԼՕԽ-ի հանգանակութեան օր»-ը, ԼՕԽ-ի ճամբով մեր ժողովուրդի զաւակներուն ծառայելու օրն է բոլորիս համար: Համաշխարհային Բ. պատերազմի ծանր օրերուն ուսումնական օժանդակութեան ծրագրի յաջողութենէն անմիջապէս ետք, հայ աշակերտին միտքը պայծառ պահելու համար մարմնի առողջութիւնը անհրաժեշտ նկատելով, մարտ 31, 1939-ին Կիլիկիոյ կաթողիկոս Սահակ Բ. վեհափառը թիւ 2309/250 կոնդակով ԼՕԽ-ի մարդասիրական գործունէութեան կու տայ համազգային դիմագիծ` Աւագ ուրբաթ օրը յայտարարելով Ծոմապահութեան օր եւ կ՛արտօնէ ԼՕԽ-ին ի նպաստ համաժողովրդային հանգանակութեան` յանձնարարելով, որ` «Հայաստանեայց Ս. եկեղեցւոյ բոլոր զաւակները չզլանան իրենց օգնութիւնը»:
Մեծ յաջողութեամբ սկսուած հանգանակութեան ձեռնարկը, շնորհիւ մեր ժողովուրդի վեհանձն ու առատաձեռն ոգիին, տարիներ շարունակ նոյն ուժգնութեամբ կը շարունակուի` սկզբնական շրջանին չորսօրեայ դրութեամբ պնակ մը տաք կերակուր հայթայթելով հայկական վարժարան յաճախող աւելի քան 500 աշակերտ, իսկ այսօր նպաստելով անոնց նախնական թէ երկրորդական ուսման:
Հակառակ կեանքի դժուարին պայմաններուն, մտայնութիւններու փոփոխութեան, քաղաքական եւ տնտեսական երկարատեւ տագնապներուն, մեր ժողովուրդը կը շարունակէ նիւթական եւ բարոյական կռուանը հանդիսանալ ԼՕԽ-ին, որպէսզի ան շարունակէ իր բարեսիրական եւ առողջապահական անխտիր ծառայութիւնները, օժանդակէ հայ մանուկին հայեցի դաստիարակութեան եւ կրթութեան, սատարէ հայ կնոջ, հայ մօր հոգեմտաւոր զարգացման ու ազգային դիմագիծի հաստատման եւ հետապնդէ հայ երիտասարդին մարմնական եւ մտային առողջ ու անեղծ պահպանումին:
Հպարտութեամբ կրնանք հաստատել, որ մեր ժողովուրդը միշտ գնահատեց օգնութեան խաչի հանգանակութեան օրի ձեռնարկը եւ լիաբուռն նուիրատուութեամբ ինքնաբաւ դարձուց «Պնակ մը կերակուր»-ի ազգային սեղանը:
Վստահ եղէք, որ մեզի հասնող ձեր սրտաբուխ լումաները բազմապատկուելով` պիտի վերադառնան մեր այնքան սիրելի ժողովուրդին:
Կասկած չունինք, որ ապրիլ 4-ին, ամէն տարուան նման, հպարտութիւն եւ հրճուանք պատճառող պատկերը պիտի կրկնուի եւ մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց նիւթական նուէրներով պիտի լեցնեն ԼՕԽ-ի օրհնուած գանձանակը:
Յաջողութիւն բոլորիս:

