ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔՈՍԻՆԻՉԸ

Պըրրի եւ Քոսինիչ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ամերիկացի քոնկրեսական Տենիս Քոսինիչը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու, նախկին նախարար Թալալ Սահիլին եւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանը:

Հանդիպումէն ետք ամերիկացի քոնկրեսականը շեշտեց, որ արդէն երրորդ անգամ ըլլալով կ՛այցելէ Լիբանան` աւելցնելով, որ Պըրրիի հետ քննարկած է անոր տեսակէտը ամերիկեան քաղաքականութեան շուրջ, ինչպէս նաեւ քննարկած է լիբանանցիներուն ընկերային եւ տնտեսական պայմաններուն բարելաւման եւ Լիբանանի բարգաւաճման նպատակով որդեգրուած աշխատանքները:

Ան շեշտեց, որ ինք լիբանանցիներուն ձայնը կը ներկայացնէ ամերիկեան ծերակոյտին մէջ:

Քոսինիչ Պըրրիի հետ իր հանդիպումը նկատեց դրական եւ աւելցուց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները եւ ընդգծած Սուրիոյ դէմ սադրանքներն ու երկիրը բաժանումի ենթարկելու դաւերը կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը:

Պըրրիի այցելեցին նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփփէ Մորապեթօ:

 

Share this Article
CATEGORIES