ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԸ
Շուրջ տասը օրերու վրայ երկարած տքնաջան աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը երէկ նախագահական պալատին մէջ ստացաւ նախարարաց խորհուրդի վաւերացումը:
Նկատի ունենալով, որ նախանցեալ օր նախարարական յատուկ յանձնախումբը վարչապետարանին մէջ գումարած իր նիստին ընթացքին աւարտած էր կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումը, երէկ Պաապտայի մէջ գումարուեցաւ կառավարութեան նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ աշխատանքային ծրագիրի նախագիծը, որ միաձայնութեամբ արժանացաւ կառավարութեան վաւերացումին` առանց զայն որեւէ փոփոխութեան ենթարկելու:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի նախագիծը կը հաստատէ Լիբանանի յանձնառութիւնը միջազգային բոլոր բանաձեւերը, ինչպէս նաեւ Միջազգային դատական ատեանին վերաբերող բանաձեւը գործադրելու առումով:
Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը ընդգծած է նաեւ Սուրիոյ հետ Լիբանանի եղբայրական յարաբերութիւնները պահպանելու անհրաժեշտութիւնը եւ դիտել տուած, որ Լիբանան անշեղ կը մնայ ժողովուրդ-բանակ-Դիմադրութիւն եռակի տարազէն:
Նշենք, որ նախքան կառավարութեան նիստը, նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը:
Միւս կողմէ, նախանցեալ օր վարչապետ Միքաթի վարչապետարանի լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան չի կրնար զլանալ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Լիբանան ՄԱԿ-ի հիմնադիր անդամ երկիրներէն է:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ ինք իր հաղորդակցութիւնները կը շարունակէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, Հըզպալլայի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ` կառավարութեան ծրագիրին մէջ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին վերաբերող բանաձեւը մշակելու առումով: Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանան յանձնաու է միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանման:
Վարչապետ Միքաթի դիտել տուաւ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը իր աշխատանքային ծրագիրին մէջ նկատի պիտի ունենայ երկրին եւ քաղաքացիներուն շահերը:
Անդրադառնալով Միջազգային դատական ատեանին արձակելիք նախնական ամբաստանութեան` վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ ինք պաշտօնական ոչ մէկ տեղեկութիւն ստացած է այդ ամբաստանութեան արձակումին մօտալուտ ըլլալուն մասին` շեշտելով, որ այդ յայտարարութիւնները անպաշտօն կերպով կատարուած սպրդումներ են:
Միքաթի նշեց, որ կառավարութեան կազմութենէն ետք ինք Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ հանդիպում չէ ունեցած` աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը բոլորին կը պատկանի եւ Սուրիոյ կամ Հըզպալլայի դէմ չէ, որովհետեւ Լիբանան ունի մէկ թշնամի, որ Իսրայէլն է:
Նշենք, որ վարչապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որ Միքաթիին փոխանցեց ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին շնորհաւորութիւնները եւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Փիեթոն յայտնեց, որ միջազգային բանաձեւերը յարգելու եւ գործադրելու յանձնառութեան առումով վարչապետ Միքաթիի յայտարարութիւնները ողջունելի են եւ Ֆրանսա կը զօրակցի Լիբանանին` շրջանային եւ միջազգային մարտահրաւէրները դիմագրաւելու առումով:



