ՆԱԽԿԻՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՌԱՖԻՔ ՀԱՐԻՐԻԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌՈՒՄՈՎ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻՆ ՆԱԽՆԱԿԱՆ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՁԱԿՈՒԵՑԱՒ
Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ սպասուած նախնական ամբաստանութիւնը երէկ պաշտօնապէս փոխանցուեցաւ Լիբանանին, այլ խօսքով` հրապարակուեցաւ, երբ դատական ատեանին մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց Պէյրութի Արդարութեան պալատ եւ ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզային յանձնեց նախնական ամբաստանութիւնը:
Ամբաստանութիւնը, որ 163 էջերէ կը բաղկանայ, բացայայտած է լիբանանցի չորս անձնաւորութիւններու անուններ, որոնց դէմ բերման գիրեր հրապարակուած են` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան առումով:
Այդ չորս ամբաստանեալներն են` Մուսթաֆա Պատրէտտին (ծանօթ իբրեւ Սամի Իսա), Սելիմ Այյաշ, Ասատ Սապրա եւ Հիւսէյն Օնէյսի, որոնք կը նկատուին Հըզպալլայի անդամներ եւ մօտիկ անձնաւորութիւններ:
Նախնական ամբաստանութեան բովանդակած տեղեկութիւնն էր նաեւ այն, թէ Հարիրին թիրախ դարձնող պայթումին Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած բեմականացումը հաստատած է, որ Հարիրիի սպանութեան պահուն անկարելի էր Ահմետ Ապու Ատասի ներկայութիւնը սպիտակ վանին մէջ, որ կը հետեւէր վարչապետին շքախումբին:
Նախնական ամբաստանութիւնը նկատել տուաւ, որ նախկին նախարար Մարուան Համատէի դէմ գործուած մահափորձէն սկսեալ Լիբանանի մէջ գործուած բոլոր պայթումներն ու քաղաքական ամբաստանութիւնները մէկ ամբողջութիւն կարելի է նկատել, որովհետեւ անոնք ծրագրուած են հիմնական մէկ հեղինակութեան կողմէ եւ գործուած` ահաբեկչական տարբեր ցանցերու կողմէ:
Նախնական ամբաստանութեան մէջ յստակօրէն նշուած է, որ վարչապետ Հարիրիի սպանութիւնը գործած ահաբեկչական նոյն ցանցն է, որ գործած է Համայնավար կուսակցութեան նախկին ընդհանուր քարտուղար Ժորժ Հաուիի սպանութիւնը, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Էլիաս Մըրի եւ երեսփոխան Մարուան Համատէի մահափորձերը:
Կը նախատեսուի, որ նախնական ամբաստանութեան մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ յայտարարուին յառաջիկայ օրերուն ընթացքին:
Իսկ անպաշտօն լուրերու համաձայն, Միջազգային դատական ատեանը ներկայացնող պատուիրակութիւնը այսօր պիտի ուղղուի Սուրիա, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ սուրիական դատական իշխանութիւններուն հետ եւ այդ ամբաստանութեան մէջ Դամասկոսի վերաբերող բաժինին մասին տեղեակ պիտի պահէ սուրիացի պատասխանատուները:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԿԸ ՊԱՏԳԱՄԷ
Անդրադառնալով նախնական ամբաստանութեան հրապարակումին եւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին վաւերացումէն ետք` վարչապետ Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանէն պատգամ մը յղեց լիբանանցիներուն:
Իր պատգամին մէջ վարչապետը հաստատեց, որ վեց տարի առաջ Լիբանանը ցնցած երկրաշարժին` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան ճշմարտութիւնը բացայայտելու առումով Լիբանանն ու լիբանանցիները յանձնառու մնացին: Ան աւելցուց, որ լիբանանեան պետութիւնը առաւելագոյնս գործակցած է Հետաքննութեան միջազգային յանձնախումբին եւ Միջազգային դատական ատեանին հետ` բացայայտել կարենալու համար այդ անարգ սպանութեան դրդապատճառները եւ բանեցնել կարենալու համար արդարութիւնը:
Միքաթի շեշտեց, որ նախնական ամբաստանութեան հրապարակումով եւ որոշ անհատներու դէմ ուղղուած ամբաստանութիւններուն լոյսին տակ, Լիբանան կը գտնուի նոր կացութեան մը առջեւ: «Այս հանգրուանին անհրաժեշտ է, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու ճշմարտութիւնը իմանալու մեր նախանձախնդրութիւնը ամէն բանէ վեր դասենք, գիտակցութեամբ եւ արթնութեամբ վարուինք այդ ամբաստանութեան հետ` նկատի ունենալով, որ նման որոշումները դատապարտումներ չեն, որովհետեւ ամբաստանեալները անմեղ կը նկատուին, մինչեւ անոնց դատապարտումը: Հետեւաբար, պէտք է ըլլալ ուշիմ, համբերող եւ երկրին գերագոյն շահերը նկատի ունեցող, որպէսզի կարելի ըլլայ ձախողեցնել Լիբանանը թիրախ դարձնելու եւ երկրին մէջ համայնքային ու յարանուանական սադրանքներ նախապատրաստելու բոլոր առիթներն ու փորձերը», ընդգծեց Միքաթի:
Վարչապետը հաստատեց նաեւ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի հետեւի նախնական ամբաստանութեան արձակման յաջորդող հանգրուանին եւ անոր հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ կառավարութեան յանձնառութիւններուն` ապահովել կարենալու համար Լիբանանի ազգային միասնականութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւ ամրապնդել կարենալու համար Լիբանանի դիմադրողականութիւնը:
Մէջբերելով նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի մէկ խօսքը` Միքաթի ըսաւ. «Ոչ ոք իր երկրէն աւելի մեծ է»: Ան կոչ ուղղեց բոլորին արժանաւորապէս պահպանելու Լիբանանը եւ բոլորին փաստելու, թէ այն գրաւը, որուն շատեր վստահած էին` նախնական ամբաստանութեամբ լիբանանցիներուն երկփեղկումը ապահովելու, ջախջախիչ պարտութիւն արձանագրած է:
ՀԱՐԻՐԻԻ ԿՈՂՄԷ ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ` ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ
Միջազգային դատական ատեանին հրապարակած ամբաստանութեան լոյսին տակ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի բաց նամակի մը ընդմէջէն իր սրտի խօսքը փոխանցեց լիբանանցիներուն` յայտնելով, որ այս նուաճումը պատմական վայրկեան մը կը նկատուի լիբանանցիներուն համար, ինչպէս նաեւ Լիբանանի քաղաքական, դատական, ապահովական եւ բարոյական կեանքին մէջ:
«Մենք պայքարեցանք ի խնդիր այս վայրկեանին եւ ոխակալութենէ ու վրիժառութեան տրամադրութիւններէ հեռու գործեցինք, եւ ճիգ չխնայեցինք` բացայայտելու համար Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան ճշմարտութիւնը եւ բանեցնելու համար արդարութիւնը` Միջազգային դատական ատեանին գործունէութեան ընդմէջէն», ըսաւ ան:
Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանցիներուն` շեշտելով, որ ինք հաւատարիմ պիտի մնայ իր հօր որդեգրած քաղաքական ուղեգիծին եւ Լիբանանի նահատակներուն յիշատակին:
Ան շեշտեց, որ Միջազգային դատական ատեանին իրագործած այս նուաճումը կը նպաստէ բոլոր լիբանանցիներուն եւ անիկա պէտք է ըլլայ անկիւնադարձային հանգրուան մը` քաղաքական ոճիրներու դէմ պայքարելու ջանքերուն մէջ:
Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր անոնց, որոնք գործակցեցան Միջազգային դատական ատեանին կատարած հետաքննութեան հետ` աւելցնելով, որ պատասխանատուութիւնը կ՛ենթադրէ, որ ոչ ոք խախտէ արդարութեան ուղին, «ընդհակառակն` հարկ է, որ լիբանանեան պետութիւնը կատարէ իր պարտականութիւնները եւ Լիբանանի կառավարութիւնը յանձնառու մնայ ամբողջական գործակցութիւն ցուցաբերելու` Միջազգային դատական ատեանին հետ գործակցելու առումով, առանց խուսափելու յանցագործները ձերբակալելու եւ զանոնք արդարութեան յանձնելու պատասխանատու քայլէն», ըսաւ ան:
Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ազգային, քաղաքական, օրինական եւ բարոյական իր պատասխանատուութիւններուն շրջագիծին մէջ հրաւիրուած է ստանձնելու Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ իր յանձնառութիւնները:
Հարիրի եզրափակեց նշելով, որ արդարութիւնը յաղթած է եւ ոչ մէկ պատճառաբանութիւն կայ պատասխանատուութիւններու ստանձնումէն խուսափելու:
ԺԵՄԱՅԷԼ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ`
ԳՈՐԾԱԴՐԵԼՈՒ ԱՏԵԱՆԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ
Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ կէսօրէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց Լիբանանի քաղաքական իշխանութիւններուն` գործադրելու Միջազգային դատական ատեանին որոշումները, նկատել տալով, որ հրապարակուած ամբաստանութիւնը նոր ուղեգիծի մը սկիզբը կը նկատուի, եւ յոյս յայտնելով, որ ան կը յանգի բոլոր ոճրագործներուն ինքնութեան բացայայտումին:
«Եթէ մենք կ՛ուզենք հայրենիք եւ պետութիւն կերտել, ապա այդ աշխատանքը պէտք է ըլլայ ճշմարտութեան հիման վրայ: Հետեւաբար, կոչ կ՛ուղղեմ երկրին դատական եւ ապահովական իշխանութիւններուն կատարելու իրենց պարտականութիւնները` Միջազգային ատեանին որոշումը գործադրելու առումով», ըսաւ ան:
Ժեմայէլ յայտնեց նաեւ, որ այս որոշումին գործադրութիւնը զլանալու պարագային իրենք օրինական բոլոր միջոցառումներուն պիտի դիմեն, որպէսզի երաշխաւորեն Միջազգային դատական ատեանին հրապարակած որոշումին գործադրութիւնը` աւելցնելով, որ այդ որոշումը 30 օրէն պէտք է գործադրուի:
Այս ծիրին մէջ ան քաղաքական բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց ինքնազսպումի ենթարկուելու` ապահովելու համար Լիբանանի կայունութիւնը, համախոհութիւնն ու երկխօսութիւնը:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց վարչապետ Միքաթիի կառավարութեան կատարեալ յանձնառութեամբ եւ առանց նախապայմանի վարուելու Միջազգային դատական ատեանին հրապարակած ամբաստանութեան հետ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքը երէկ գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն աւարտին կոչ ուղղեց Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան գործնական քայլերու դիմելու` բանեցնելու համար արդարութիւնը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ անոր կողմէ յստակ կեցուածք մը պիտի ճշդուի` Միջազգային դատական ատեանին արձակած նախնական ամբաստանութեան մասին: Նոյն աղբիւրները հաւանական նկատեցին, որ յառաջիկայ օրերուն տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարուի այդ կեցուածքը: