Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նախագահութեամբ Կրօնական Ժողովի Եւ Թեմակալ Առաջնորդներու Հանդիպում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Երեքշաբթի, 1 ապրիլ 2014-ի առաւօտուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովի հանդիպում` մասնակցութեամբ թեմակալ առաջնորդներուն:
Հանդիպման ընթացքին զեկուցումներ տրուեցան միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութեանց, ծիսական ու սրբադասման յանձնախումբերու աշխատանքներուն եւ կրօնական բնոյթ ունեցող այլ հարցերու գծով: Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան եւ յատկապէս Քեսապի գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ տարուող աշխատանքներուն:
Ժողովի ընթացքին ճշդուեցան հետեւեալները.
ա) Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունենալիք Միւռոնօրհնէքը կատարել կիրակի, 19 յուլիս, 2015-ին, Պիքֆայայի ցեղասպանութեան յուշարձանին շուրջ:
բ) Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպել ուխտագնացութիւններ` դէպի Անթիլիաս (13-20 յուլիս 2015):
գ) Յատուկ կարեւորութեամբ շարունակել ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան եւ յատկապէս Քեսապի օժանդակութեան աշխատանքները թեմերուն մէջ:
դ) Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ մայիսի սկիզբը հրաւիրուած է իբրեւ գլխաւոր դասախօս Պահրէյնի պետութեան կողմէ կազմակերպուած միջկրօնական համագումարին: Վեհափառը նաեւ յայտնեց, որ յունիսի սկիզբը պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ եւ հանդիպում պիտի ունենայ սրբազան քահանայապետին` Ֆրանչիսկոս պապին հետ:

