Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ամշիթ – ՀՄԸՄ

Հուփս - Ռիատի երէկուան մրցումէն

Հուփս – Ռիատի երէկուան մրցումէն

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ եւ դարձի 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 3 ապրիլին, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը պիտի մրցի Ամշիթի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ամշիթի դաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին:

Երթին թէեւ Ամշիթ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային մարզահամալիրին մէջ 80-72 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ մրցակիցը այսօր եւս իր դաշտին վրայ ի վիճակի է յաղթանակ մը արձանագրելու:

Այդ մրցումէն ետք ՀՄԸՄ բաւական բարելաւեց իր խաղարկութիւնը եւ մարզիչին` պոսնիացի Ալեն Ապազի գլխաւորութեամբ ու ցուցմունքներով ինքզինք լաւապէս կը պարտադրէ իր մրցակիցներուն վրայ, ովքեր ալ ըլլան անոնք:

Նախորդ մրցումներուն նման, եթէ ՀՄԸՄ-ի հնգեակը իր այդ նոյն խաղաոճը կիրարկէ եւ յաղթելու վճռակամութեամբ դաշտ ներկայանայ, այսօր ի վիճակի է արձանագրելու իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը, նոյնիսկ եթէ մրցումը տեղի կ՛ունենայ Ամշիթի դաշտին վրայ եւ անոր համակիրներուն ներկայութեան:

Այնպէս, ինչպէս յաղթանակներ կերտուեցան Ռիատիի, Շանվիլի, Պիպլոսի, Սաժեսի եւ Թատամոնի դէմ, այսօր եւս ՀՄԸՄ-ի կազմը ի վիճակի է իր մէկ այլ զոհը դարձնելու Ամշիթը:

Նշենք, որ երէկ գիշեր Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ իր կատարած մրցումին, Հուփս 78-72 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ռիատիէն:

Ռիատիի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ալի Հայտար` 17 կէտ:

Share this Article
CATEGORIES