Անդրադարձ. Հայկական Հաւաստի Տեղեկատուութեան Եւ Ուղղուածութեան Վրայ Հիմնուելու Հրամայականը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
21 մարտի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Թուրքիա իր սահմանը բանալով արտօնեց, որ հազարաւոր իսլամական զինեալներ ներխուժեն հայաբնակ Քեսապ գիւղաքաղաք, իսկ թրքական բանակը օժանդակեց այդ ներխուժումին: Թուրքիա պիտի չհամարձակէր առանց արեւմտեան «կանաչ լոյս»-ին այդ քայլը առնելու: Պէտք չէ մոռնալ, որ այս զարգացումէն հինգ օր առաջ տեղի ունեցած էր Խրիմի Ռուսիոյ կցումը, որ մեծ հարուած մըն էր Արեւմուտքին, եւ նկատի ունենալով, որ միջազգային քաղաքականութիւնը «ճատրակի մեծ խաղ» մըն է, Արեւմուտքը իր պատասխան քայլը առաւ Քեսապի մէջ:
Ռուսական կողմը առիթը օգտագործելով` Խրիմի հարցով արեւմտեան ապատեղեկատուութեանց պատասխանեց հրապարակելով Քեսապի զարգացումներուն մասին ապատեղեկատուութիւններու շարք մը:
Այժմ Արեւմուտք-Արեւելք այս պայքարը փոխադրուած է նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդ, որուն նախագահ, ՕԹԱՆ-ի անդամ Լիթուանիոյ կազմակերպութեամբ, երեքշաբթի, 1 ապրիլին տեղի ունեցաւ Խրիմի մէջ մարդկային իրաւանց եւ տեղեկատուութեան ազատութեան կացութեան շուրջ ոչ պաշտօնական հանդիպում մը: Ռուսական պատուիրակութիւնը մերժեց «քարոզչական շօ»-ին մասնակցիլ: Ռուսիոյ պատասխանը չուշացաւ. Մոսկուան նոյն օրը Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց` քննարկելու «հայաբնակ Քեսապ գիւղին դէմ յարձակումը» եւ այդ առնչութեամբ «իր գնահատականը» տալու:
Պէտք չէ տարուիլ այս կամ այն կողմէն հրապարակ նետուող ապատեղեկատուութեամբ, իսկ աւելի կարեւորը` պէտք չէ զայն տարածել: Զգուշանանք ներքաշուելէ մեծապետական այս անողորմ խաղին մէջ, որուն անուղղակի զոհն ենք (քոլաթըրըլ տամէյճ), եւ աշխատանք տանինք ստեղծուած կացութենէն կարելի եղածին չափ նուազագոյն վնասներով դուրս գալու: Այդ մէկը կը յաջողինք իրագործել, երբ, պահելով մեր սառն դատողութիւնը, վերապահութեամբ մօտենանք օտարներու սփռած տեղեկութեանց ու արտայայտած կեցուածքներուն եւ հիմնուինք մեր հաւաստի տեղեկութեանց ու հայկական ուղղուածութեան վրայ:

