ՄԱԿ-ի Գաղթականներու Հարցերու Ընդհանուր Պատասխանատուն Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին
Չորեքշաբթի, 2 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու ընդհանուր պատասխանատու Դոկտ. Վալերի Ամոսը` ընկերակցութեամբ իր անմիջական օգնականներուն: Ամոս կարճ այցելութեամբ կը գտնուէր Լիբանան` մօտէն զբաղելու Լիբանան հաստատուած շուրջ մէկ միլիոն սուրիացի գաղթականներուն առնչուած հարցերով:
Վեհափառ հայրապետը նախ իր գնահատանքը յայտնեց Ամոսին` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուցած իր զեկուցումին մէջ Քեսապի հարցը արծարծելուն, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Սուրիոյ գաղթականներուն գծով իր կատարած աշխատանքներուն համար: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով անոր ուշադրութեան յանձնեց Քեսապի պարագան, եւ մասնաւորաբար Լաթաքիա հաստատուած քեսապցի հայ գաղթականներուն հարցը:
Այս ուղղութեամբ վեհափառ հայրապետը նաեւ յիշեցուց, որ Սուրիոյ կացութեան բերումով նաեւ կան այլ հայ գաղթականներ, որոնք ապաստանած են թէ՛ Սուրիոյ յարաբերաբար խաղաղ շրջաններուն եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ: Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց հայ գաղթականներուն անմիջական օժանդակութիւն կատարելու հրամայականը եւ այս գծով իր տրամադրութեան տակ գտնուող յստակ տեղեկութիւններ փոխանցեց Վալերի Ամոսին: Վերջինս խոստացաւ իր կարելին ընել օգտակար հանդիսանալու Սուրիոյ հայ գաղթականներուն:
Յայտնենք, որ Ամոս Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ Քեսապի հարցով հանդիպումներ ունեցած էր զանազան կողմերու հետ: Ան վեհափառ հայրապետին փոխանցեց ՄԱԿ¬ի շրջանակներուն մօտեցումները Քեսապի հարցին շուրջ եւ խոստացաւ մնայուն կապի մէջ ըլլալ վեհափառ հայրապետին հետ:

