8.2 Աստիճան Ուժգնութեամբ Երկրաշարժ Մը Հարուածեց Չիլին

Chile.02048.2 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը հարուածեց Չիլիի հիւսիսը եւ շրջանը վերածեց աղէտի գօտիի:

Վեց զոհ պատճառած եւ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ տեղահանած երկրաշարժին պատճառով 2.1 մեթր բարձրութեամբ ալիքներ հարուածեցին կարգ մը շրջաններ, ելեկտրականութեան ընդհատում տեղի ունեցաւ, ինչպէս նաեւ հրդեհներ յառաջացան եւ հողի սահանքներ տեղի ունեցան:

Երկրաշարժէն ետք արձանագրուեցան բազմաթիւ յետցնցումներ, որոնցմէ մէկը` 6.2 աստիճան ուժգնութեամբ:

Չիլիի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ երկրաշարժէն օգտուելով 300 կին բանտարկեալներ փախուստ տուած են բանտէ մը: Ոստիկանութիւնը յաջողած է անոնցմէ 26-ը ձերբակալել:

Share this Article
CATEGORIES