Թրիփոլիի Մէջ Գործադրուող Ապահովական Ծրագիրը Պսակուեցաւ Պապ Թըպպանէի Եւ Ժապալ Մըհսենի Բնակիչներուն Միջեւ Հաշտութեամբ

Հաշտութեան հանդիպումէն պահ մը

Հաշտութեան հանդիպումէն պահ մը

Երկրորդ օրն ըլլալով լիբանանեան բանակը երէկ առաւօտեան շարունակեց Թրիփոլիի մէջ գործադրել ապահովական ծրագիրը:

Բանակը մուտք գործեց Պապ Թըպպանէ, ուր վերացուց ճամբաները փակող բոլոր արգելքները, ինչպէս նաեւ գրաւեց մեծ քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք:

Թըպպանէի մէջ բանակը կատարեց նաեւ ձերբակալումներ:

Մինչ բանակը կը վերացնէր փողոցներուն արգելքները, Պապ Թըպպանէի բնակիչները Շէյխ Օմրանի անցքէն ուղղուեցան Ժապալ Մըհսեն եւ հաշտուեցան ու ողջագուրուեցան իրենց դրացիներուն հետ` զինեալ սուր բախումներու 20 փուլէ ետք:

Անոնք ողջունեցին բանակին կողմէ գործադրուած ապահովական ծրագիրը եւ հաստատեցին ազգային միասնականութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Բանակը դիրքաւորուեցաւ նաեւ Սուրիա փողոցին մէջ, ուր օրին սուր բախումներ կ՛արձանագրուէին:

Երկու շրջաններուն բնակիչները քաղաքական ուժերը եւ անձնաւորութիւնները պատասխանատու նկատեցին` այդ շրջաններուն մէջ արձանագրուած բախումներուն, որոնք հետեւանք էին աղքատութեան, լքուած ըլլալուն եւ պետութեան կողմէ ցուցաբերուած անտեսումին:

Կարգ մը անպաշտօն աղբիւրներ նշեցին, որ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտ տակաւին Ժապալ Մըհսենի մէջ կը գտնուի, միւս կողմէ` Պապ Թըպպանէի զինեալ բախումի ճակատի պատասխանատուներէն Զիատ Ալուքի հաստատեց, որ ինք բանակին անձնատուր պիտի չըլլայ, այնքան ատեն որ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Ալի Իտ եւ Ռիֆաաթ Իտ անձնատուր չեն եղած:

Ալուքի յայտնեց, որ Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պատասխանատու են այսօր Թրիփոլիի մէջ պատահածին:

Բանակի դիրքաւորում` Թրիփոլիի մէջ

Բանակի դիրքաւորում` Թրիփոլիի մէջ

Թրիփոլիի մէջ ապահովական ծրագիրի գործադրութեան շրջագիծին մէջ բանակը անցարգելներ զետեղեց նաեւ Աքքարի մէջ:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրը երկրին ապահովական կայունութեան երաշխիք է, եւ այդ առումով բոլորը պէտք է գործակցին:

Իր կարգին, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի զօրակցութիւն յայտնեց Թրիփոլիի մէջ բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումներուն եւ ապահովական ծրագիրին գործադրութեան. ան աւելցուց, որ բոլորին կողմէ ապահովական ծրագիրին գործադրութեան նկատմամբ համախոհութիւնը առողջ երեւոյթ է:

Երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա ողջունեց Թրիփոլիի մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրը` նշելով, որ անոր յաջողութիւնը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ անիկա գործադրուած է հաւասարակշռութեամբ եւ զուգահեռաբար:

 

Share this Article
CATEGORIES