Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Անհրաժեշտ Նկատեց Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Ժամկէտին Ընթացքին Հանրապետութեան Նախագահին Ընտրութիւնը

Խորհուրդին նիստէն պահ մը

Խորհուրդին նիստէն պահ մը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ բխած հաղորդագրութեան մէջ խորհուրդը շնորհաւորեց Ռայի պատրիարքին ստանձնած պատրիարքութեան պաշտօնին քառամեակը, որ հարուստ էր յաջողութեամբ ու ազգային եւ եկեղեցական նուաճումներով:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ցաւակցութիւն յայտնեց ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ` Զաքքա Իուաս պատրիարքին վախճանումին, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց Իգնատիոս Բ. Քարիմը ասորի ուղղափառ համայնքի պատրիարք նշանակումին առիթով:

Խորհուրդը խստիւ դատապարտեց Աթալլա եպիսկոպոսը առեւանգելու փորձը եւ կոչ ուղղեց կառավարութեան, բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն այդ երեւոյթները կասեցնող համապատասխան քայլերու դիմելու:

Մարոնի եպիսկոպոսները հանգստութիւն յայտնեցին Թրիփոլիի մէջ ապահովական ծրագիրին գործադրութեան առիթով եւ մաղթեցին, որ նման ծրագիրներ կը գործադրուին երկրին տագնապալի բոլոր անկիւններուն մէջ: Այս շրջագիծին մէջ, խորհուրդը քաղաքական անձնաւորութիւններէն պահանջեց զօրակցիլ բանակին ու ապահովութեան ուժերուն:

«Լիբանանը արտաքին տագնապներուն եւ բախումներուն մէջ ներքաշելու կեցուածքը եւ այլոց խնդիրները Լիբանան փոխադրելու քայլերը պատճառ կը հանդիսանան տարիներ շարունակ տեւած համերաշխութիւնը թիրախ դարձնելուն», նշեց խորհուրդը:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը շնորհակալութիւն յայտնեց Մաալուլայի մայրապետներուն ազատ արձակումին համար ի գործ դրուած ջանքերուն համար, ինչպէս նաեւ քաջալերեց Հալէպի մէջ առեւանգուած առաջնորդներուն ազատ արձակումին համար թափուած ճիգերը:

«Կը մաղթենք, որ այդ ջանքերը կը հասնին նաեւ Սուրիոյ բանտերուն մէջ գտնուող լիբանանցիներուն ազատ արձակումին եւ կը ցաւինք Սուրիոյ մէջ գտնուող աղօթատեղիներու սրբապղծումին», հաստատեց խորհուրդը:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը անհրաժեշտ նկատեց սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին հանրապետութեան նախագահին ընտրութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES