Կառավարութիւնը Կատարեց 10 Նշանակումներ Եւ Ընդունեց Արամունիի Հրաժարականը

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահութեամբ երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին կառավարութիւնը Պաապտայի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` ներկայութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Նիստէն առաջ նախագահ Սլէյման Սալամի հետ ունեցաւ դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Կառավարութեան երէկուան նիստը եղաւ անցեալ երկուշաբթի օր գումարուած փոթորկոտ նիստին հակապատկերը:

Նիստին ընթացքին տիրեց հանդարտ եւ սիրալիր մթնոլորտ մը, որուն ընթացքին կառավարութիւնը կատարեց տասը նշանակումներ եւ ընդունեց Գաղթականներու օժանդակութեան սնտուկի ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Արամունիի հրաժարականը:

Կառավարութեան կատարած նշանակումներն են.

1) Հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս`  ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն,
2) Դատաւոր Սամիր Համմուտ` ընդհանուր դատախազ,
3) Ֆաթեն Եունես` ներքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու ընդհանուր տնօրէն,
4) Դատախազ Ահմետ Համտան` Հաշուեքննիչ դիւանի պետ,
5) Մանսուր Տաու` հարաւային Լիբանանի նահանգապետ,
6) Ժան Ապու Ֆատել` Զբաղուածութեան ազգային հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն,
7) Հապիպ Մերհի` Առողջապահութեան, երկրագործութեան եւ ընկերային մարզերու ընդհանուր քննիչ,
8) Հաննա Ամիլ` Ճակընթեղի եւ ընդեղէնի գրասենեակի տնօրէն,
9) Լանա Տըրղամ` ճարտարարուեստի նախարարութեան պատկանող «Լիպնոր» հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն,
10) Քամալ Հայեք վերանշանակուեցաւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան նախագահ եւ ընդհանուր տնօրէն:

Նշանակումներէն ետք կառավարութիւնը քննարկեց քարիւղի թղթածրարը` ներկայութեամբ Քարիւղի մարզի տնօրինման խորհուրդի անդամներուն:

Այս առումով կազմուեցաւ նախարարական յանձնախումբ մը, որուն պիտի նախագահէ վարչապետ Թամմամ Սալամ:

Յանձնախումբին մաս կը կազմեն ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ տնտեսութեան նախարար Ալեն Հաքիմ: Նշենք, որ կառավարութեան նիստը չգումարուած արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի նախագահական պալատի լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ոչինչ կ՛արգիլէ Ժապալ Մըհսեն իր այցելութիւնը` ակնկալելով, որ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտ Սուրիա մեկնած ըլլայ:

Ռիֆի աւելցուց, որ իրենք պիտի վերակենդանացնեն Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւն կատարելու միջոցները:

Կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ երեքշաբթի, 8 ապրիլին: Կը նախատեսուի, որ այս նիստին ընթացքին կատարուին պետական մարզի յաւելեալ նշանակումներ:

 

Share this Article
CATEGORIES