«Թող Յաջորդ Նախագահը Ըլլայ Հզօր, Համախոհական` Եթէ Կարելի Ըլլայ, Եւ Թող Անոր Պատկանելիութիւնը Լիբանանին Ըլլայ» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Նախագահ Սլէյման` իր խօսքի պահուն

Նախագահ Սլէյման` իր խօսքի պահուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ  յայտարարեց վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան օրինագիծը: Ձեռնարկին շրջագիծին մէջ ան շեշտեց, որ ինք կը փափաքի, որ յաջորդ նախագահը ըլլայ հզօր եւ ոչ տկար, ինչպէս նաեւ նախագահ մը, որ իր պատկանելիութեամբ հաւատարիմ է Լիբանանին:

«Լիբանանի հանրապետութեան նոր նախագահը պէտք է ըլլայ հզօր` հասնելու համար ներկայ Լիբանանին եւ արտերկրի լիբանանցիներուն չափին», ըսաւ նախագահ Սլէյման` հաստատելով, որ կարելի չէ լիբանանեան պետութիւնը հիմնել, առանց Լիբանանի պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութիւն մը մշակելու` բնականաբար առանց զանց առնելու նաեւ Դիմադրութիւնը:

Նախագահ Սլէյման անդրադարձաւ քանի մը օր առաջ գումարուած Ազգային երկխօսութեան նիստին, նշելով, որ յաջորդող օրերուն երկխօսութեան այլ նիստ մը գումարելու կամ չգումարելու հաւանականութիւնը զուգահեռ կ՛ընթանայ: «Սակայն անհրաժեշտ է, որ ազգային երկխօսութեան ուղին շարունակուի նաեւ հանրապետութեան նոր նախագահին օրով, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին արձակելիք վճիռները, ապազինել գաղթակայաններէն դուրս գտնուող պաղեստինեան զէնքը, ինչպէս նաեւ գործադրել «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը», ըսաւ ան:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց նաեւ, որ վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան յատուկ օրինագիծը կ՛ապահովէ հաւասարակշռուած բարգաւաճումը, որ երկրին սահմանադրութեան հիմքը կը կազմէ, ինչպէս նաեւ ներկայ խորհուրդներուն յաւելեալ իրաւունքներ կը շնորհէ:

Ան ընդգծեց, որ այս օրինագիծին դրական կէտերը կ՛արդիւնաւորուին տեղական աշխատանքին հիման վրայ, ինչպէս նաեւ ընտրեալ բոլոր խորհուրդներուն առիթ կու տան տալու այնպիսի որոշումներ, որոնց շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ հաւասարակշռուած բարգաւաճումը իրականացնել:

Ան դիտել տուաւ, որ վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը առիթ պիտի տայ ժողովուրդին ժողովրդավարութիւնը աւելի ճիշդ կերպով գործադրելու` աւելցնելով, որ ներկայացուցչութեան եւ որոշումներ տալու առումով կինը իր խօսքը պէտք է ունենայ:

Նախագահ Սլէյման նշեց, որ ընտրութեան մասնակցելու տարիքը պէտք է ըլլայ 18 տարիքը:

«Թափանցիկութիւնն ու հաշուետուութեան կանչելը կարեւորագոյն իրականութիւններն են, որոնք պիտի երաշխաւորուին` վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան պարագային, ինչպէս նաեւ պիտի նպաստեն վարչական որակաւոր եւ մակարդակաւոր աշխատանքին», ըսաւ ան:

Նախագահ Սլէյման եզրափակեց իր խօսքը` նշելով արդի ընտրական օրէնքի մը անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատելով, որ ընտրական առիթները լիբանանցիին համար ուրախ առիթներ կը նկատուին:

 

Share this Article
CATEGORIES