Խորհրդարանը Վաւերացուց Սարակներուն Վերաբերող Բարեփոխուած Օրինագիծը

parliament2.0204Նախագահութեամբ Նեպիհ Պըրրիի, խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 10:45-ին գումարեց օրէնսդրական իր լիագումար նիստը, որուն ներկայ գտնուեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամ:

Խորհրդարանը վաւերացուց սարակներուն վերաբերող օրինագիծին բարեփոխուած տարբերակը:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան եւ երեսփոխաններ Ալի Պեզզի եւ Ալի Ամմար շնորհաւորեցին սարակները` իրենց վերաբերող օրէնքին վաւերացումին առիթով:

Իրենց կարգին, սարակները ողջունեցին խորհրդարանին որոշումը եւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան մէջ բարձրացուցին խորհրդարանի նախագահին որմազդները:

Խորհրդարանը վաւերացուց նաեւ այն օրինագիծը, որուն համաձայն, ծննդաբերութեան արձակուրդը 7 շաբաթէն 10 շաբաթի կը բարձրանայ:

Այս մասին Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ թէեւ խորհրդարանին կողմէ այս իմաստով տրուած որոշումը նուաճում է, սակայն իրենց առաջարկն էր, որ անիկա 12 շաբաթի վերածուի:

Խորհրդարանը վաւերացուց նաեւ նոտարները իրենց պաշտօնին վրայ հաստատելու օրինագիծը, միւս կողմէ սակայն մերժելով քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն յատուկ ընդհանուր տնօրէնութեան մը ստեղծումը, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի կողմէ այդ օրինագիծը սերտելու պահանջին իբրեւ արդիւնք:

Սակայն կարգ մը երեսփոխաններ, որոնց շարքին գլխաւորաբար Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի, պահանջեցին քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն կամաւոր անդամները պաշտօնեայի վերածել:

Այս պահանջին իբրեւ արդիւնք Պըրրի այդ օրինագիծին քննարկումը յետաձգեց յաջորդ շաբթուան` Մաշնուքի շնորհելով օրինագիծը սերտելու մէկ շաբթուան ժամանակ:

Սենտիքայական Համակարգումի
Խորհուրդի Բազմամարդ Նստացոյց

Մինչ խորհրդարանը կը գումարէր իր նիստը, Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը կատարեց բողոքի նստացոյց մը, որուն ընթացքին պահանջուեցաւ վաւերացնել պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելման օրինագիծը:

Նշենք, որ խորհրդարանի երէկուան լիագումար նիստը չէր ներառեր յաւելումներու այս օրինագիծը, սակայն խորհուրդը նստացոյցը կազմակերպած էր ուրբաթ, 4 ապրիլին գումարուելիք խորհրդարանական յանձնախումբերուն միացեալ նիստին նախօրեակին:

Նստացոյցին ընթացքին Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ եկամուտները պէտք չէ արգելք հանդիսանան յաւելումներուն օրինագիծը վաւերացնելու ջանքերուն` աւելցնելով, որ եթէ պետական մարզերուն մէջ արձանագրուած մսխումը եւ փտածութիւնը կասեցուին, ապա կարելի կ՛ըլլայ եկամուտները ապահովել:

Իր կարգին, Անձնական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ շեշտեց, որ ինք արդէն իսկ կրնայ հաստատել, որ վաղը` ուրբաթ օր եւ յաջորդ շաբթուան խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումարին կարելի պիտի ըլլայ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումին օրինագիծը վաւերացնել:

Մահֆուտ շեշտեց, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը ուրբաթ, 4 ապրիլին պիտի գումարէ իր նիստը` արժեւորելու համար խորհրդարանական յանձնախումբերուն միացեալ նիստը:

Ան զգուշացուց, որ ընկերային տագնապալի վիճակին պայթումը շատ աւելի վտանգաւոր է ապահովական առումով արձանագրուած պայթումներէն:

Մահֆուտ հարց տուաւ, որ արդեօք բանակին մէջ ծառայող զինուորները չե՞ն արժեր աշխատավարձի այդ յաւելումը: «Քաղաքացիական անվտանգութիւն կ՛ուզէք ունենալ առա՞նց բանակի», հարց տուաւ ան:

Խորհուրդի նստացոյցին միացաւ նաեւ կրթութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ, որ լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանեց ըսելով, որ ինք խորհուրդին խոստացած է ճիգ չխնայել:

Նստացոյցին կողքին պետական բոլոր վարժարանները, ինչպէս նաեւ պետական մարզի բոլոր վարչութիւնները փակ պահեցին իրենց դռները: Իսկ անձնական վարժարաններու կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը եղաւ մասնակի զօրակցութիւն:

Քաղաքացիական Ապահովութեան Ուժերու
Նստացոյց

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին կազմակերպած նստացոյցին զուգահեռ, նոյն հրապարակին վրայ բողոքի ցոյց մը կատարեցին նաեւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը, որոնք պահանջեցին դառնալ պաշտօնեաներ` նկատի ունենալով, որ այդ պահանջին համապատասխան օրինագիծը 2007-էն ի վեր ներկայացուած է խորհրդարան, իսկ ելեւմուտքի նախկին նախարար Մոհամետ Սաֆատի արդէն իսկ այս իմաստով պիւտճէ մը ճշդած է:

Խորհրդարանը երէկուան իր նիստին ընթացքին քննարկեց այդ օրինագիծը, սակայն քննարկումը յետաձգուեցաւ չորեքշաբթի, 9 եւ հինգշաբթի, 10 ապրիլին գումարուելիք լիագումար նիստերուն` նկատի ունենալով, որ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք պահանջած էր այդ օրինագիծը վերատեսութեան ենթարկել:

Նշենք, որ օրինագիծին գործադրութեան պարագային 1700-2000 քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու անդամներ, որոնք կամաւոր կերպով կը ծառայեն քաղաքացիներուն եւ կը գտնուին Լիբանանի տարածքին գործող շուրջ 220 կեդրոններու մէջ, կը դառնան պետական պաշտօնեաներ:

Նշենք, որ քաղաքացիական ապահովութեան ուժերը երէկ կէսօրէ առաջ բողոքի ցոյցեր կատարեցին նաեւ Քոլայի, Ռաուշէի, Մտայրեժի եւ յետմիջօրէին Անթիլիաս-Պիքֆայա եւ Ժունիէ-Մաամըլթէյն մայրուղիներուն վրայ:

ՊԷՏՔ է աւելցնել, որ վերոնշեալ երկու նստացոյցերուն կողքին արձանագրուեցաւ նաեւ երրորդ ցոյց մը, որուն ընթացքին քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչները պահանջեցին համամասնական դրութեան հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութեան օրէնք մը մշակել:

 

Share this Article
CATEGORIES