Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ապահովութեան Խորհուրդին Կոչ Կ՛ուղղէ Քննարկելու Քեսապի Իրավիճակը
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ Ռուսիա ահաբեկիչներու ոճիրները արդարացնելու որեւէ փորձ բացարձակապէս անընդունելի կը նկատէ:
«ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է քննարկէ Սուրիոյ մէջ հայաբնակ Քեսապ գիւղին դէմ յարձակումը եւ իր գնահատականը տայ», ըսած է նախարարութիւնը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է. «Մենք կը դատապարտենք Սուրիոյ մէջ ծայրայեղականներուն արարքները: Կը հաւատանք, որ սուրիական կառավարութիւնը եւ ընդդիմութիւնը պէտք է սուրիական հողին վրայ ահաբեկչութիւնը արմատախիլ ընելու ջանքերուն շուրջ միանան»:
Նախարարութիւնը նշած է. «Միջազգային ընտանիքը եւ մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւնները մտահոգութիւն յայտնած են Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող հայաբնակ Քեսապ աւանի կացութեան նկատմամբ: Աւանը Քայիտայի առնչակից ծայրայեղական խմբաւորումներու` Ժապհաթ Նուսրայի եւ Ահրար Շամի կողմէ յարձակումի ենթարկուեցաւ»:
Ըստ նախարարութեան, «եօթը հարիւր ընտանիքներուն դէմ յարձակում գործելու եւ զանոնք իրենց տուները լքել ստիպելու միակ պատճառը այն է, որ անոնք սուրիական կառավարութեան հաւատարիմ են»:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանած է «Եութիուպ»-ի վրայ յայտնուած տեսանիւթը, որուն մէջ շարք մը լրատուամիջոցներու պնդումներով, կը ցուցադրուի քեսապահայութեան ջարդը: «Նոյնիսկ եթէ տեսանիւթը, ինչպէս կը նշեն որոշ աղբիւրներ, կը ներկայացնէ ոչ թէ Քեսապի մէջ հայերու ջարդը, այլ` զինեալներու անգութ հաշուեյարդարը Սուրիոյ բանակայիններու նկատմամբ, այդ հանգամանքէն այս յանցագործութիւնը նուազ անմարդկային չի դառնար», նշուած է արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Սուրիական Ազատ Բանակէն
Ղեկավար Մը Կը Հերքէ
Սուրիական ազատ բանակի ղեկավարներէն գնդապետ Ահմետ Շէյխ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնած է, որ Քեսապի շրջանին մէջ սուրիահայ քաղաքացիներու դէմ որեւէ ոտնձգութիւն չէ կատարուած, «եւ վարչակարգին տարածած սուտերուն նպատակը ըմբոստներուն եւ ազատ բանակին վարկը աղաւաղելն է»:
Ան Ռուսիան ամբաստանեց Սուրիական ազատ բանակին եւ ըմբոստներուն դէմ քարոզչական պատերազմին մէջ Սուրիոյ վարչակարգին օժանդակելու յանցանքով` նշելով. «Քեսապի մէջ անոնց զինուորական ձախողութիւնը զիրենք մղեց իրենց պարտութիւնը տարաձայնութիւններով ծածկելու»:
Գնդապետ Շէյխ յայտնեց. «Քեսապի մէջ սուրիահայ ոեւէ քաղաքացի ոտնձգութեան չենթարկուեցաւ, իսկ Քեսապի մէջ հայկական եկեղեցւոյ որեւէ վնաս չհասաւ, ատիկա ամբողջովին անվնաս կը մնայ եւ ըմբոստները անոր պահակութիւն կը կատարեն: Մեր կռիւը այս մարդասպան վարչակարգին դէմ է, իսկ մեր դատը` ամբողջ սուրիացի ժողովուրդինը, իր բոլոր յարանուանութիւններով ու բաղադրիչ մասերով»:

