Հրաչ Մուրատեանի Սպանութեան Առաջին Տարելիցին Առիթով` Ոգեկոչում Եւ Բողոք

Hratch_tcuytc2 ապրիլին ամբողջացաւ Պռօշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան առաջին տարին, այս առիթով տեղի ունեցաւ քայլարշաւ, մոմավառութիւն, յիշատակի արարողութիւն. շրջանի բնակիչները այս առիթով իրենց բողոքը բարձրացուցին` յիշեցնելով, որ տարի մը ետք տակաւին ոճրագործը չէ բացայայտուած:

2 ապրիլին յիշատակի արարողութիւն տեղի ունեցաւ Հրաչ Մուրատեանի հայրենի գիւղին` Պռօշեանի մէջ: Բազմաթիւ պռօշեանցիներ խունկ ծխեցին սպաննուած գիւղապետին գերեզմանին մօտ, ուր նաեւ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն:

Անկէ ետք, գերեզմանատունէն վերադարձին, խումբ մը պռօշեանցիներ փակեցին Երեւան-Գիւմրի միջպետական ճամբան` պահանջելով, որ ներկայանան Հայաստանի ոստիկանապետ Վլադիմիր Գասպարեանը եւ գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանը: Անոնք կը բողոքէին, որ իրենց գիւղապետին սպանութենէն մէկ տարի ետք տակաւին յանցագործութիւնը չէ բացայայտուած:

Բողոքող պռօշեանցիներուն միացան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանն ու խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանը:

Տեղւոյն ոստիկանները ճամբան փակած գիւղացիներուն առաջարկեցին բանալ ճամբան, որովհետեւ գլխաւոր դատախազը այդ պահուն կը գտնուէր Տաւուշի մարզ եւ չէր կրնար ներկայանալ:

Ըստ ոստիկաններէն մէկուն, 3 ապրիլին գլխաւոր դատախազութեան յարկին տակ պիտի ընդունուին պռօշեանցիները, եւ պիտի քննարկուին անոնց բոլոր հարցերը: Սակայն պռօշեանցիները մերժեցին ճամբան բանալ:

Աղուան Վարդանեան առաջարկեց աւելի լաւ տարբերակ` խօսիլ գլխաւոր դատախազին հետ եւ հանդիպման համար յստակ օր ու ժամ ճշդել, որպէսզի դատախազը անձամբ գայ Պռօշեան:

1 ապրիլին ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը Հրաչ Մուրատեանի յիշատակին կազմակերպեց քայլարշաւ` դէպի Պռօշեան գիւղ:

Երթը ընթացք առաւ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնէն: Երիտասարդները կոչերով եւ պաստառներով իրենց բողոքը յայտնեցին այն մասին, որ նախորդ մէկ տարուան ընթացքին սպանութեան գործը տակաւին չէ բացայայտուած. անոնք արդարութեան կոչ ուղղեցին եւ պահանջեցին անյապաղ բացայայտել ոճրագործին ինքնութիւնը:

Պռօշեանի մէջ երիտասարդները այցելեցին Զօրաց պանթէոն, ուր կը հանգչի Հրաչ Մուրատեան: Տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն` Հրաչ Մուրատեանի շիրիմին վրայ, եւ ՀԵՄ-ի երիտասարդները համալրեցին ՀՅԴ-ի շարքերը:

Այնուհետեւ երիտասարդները ուղղուեցան դէպի գիւղապետարանի շէնք, ուր ճիշդ մէկ տարի առաջ տեղի ունեցած էր դաւադիր սպանութիւնը:

Նաեւ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան վայրին մէջ տեղադրուած յուշաքարին մօտ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES