Սահմանադրական Դատարանը Կենսաթոշակային Օրէնքի Պարտադիր Բաժինը Հակասահմանադրական Նկատեց

13576774344_2a54d21c58_b«Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» օրէնքի քանի մը դրոյթներու սահմանադրականութեան վերաբերեալ Սահմանադրական դատարանի որոշումը հրապարակուեցաւ երէկ:  Սահմանադրական դատարանի  նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան հրապարակեց մօտ 64 էջերէ բաղկացած որոշումի նկարագրական բաժինին մէկ  հատուածը եւ եզրափակիչ մասը: Որոշումին մէջ կը նշուի, որ միջազգային փորձառութիւնը ուսումնասիրելով այն եզրակացութիւնը կը կատարուի, որ առանց կուտակային համակարգի ներդրման երկրի մը մէջ էական զարգացում կարելի չէ նկատել: Սակայն միջազգային փորձառութիւնը արհեստականօրէն փոխ առնելը ընդունելի չէ: Պէտք է հաշուի առնել, որ մարդու միւս իրաւունքներու սահմանափակում պէտք   չէ կատարուի ոչ իրաւաչափ կերպով:

Տուեալ պարագային խօսքը սեփականութեան իրաւունքին մասին է: Կառավարութիւնը տուեալ պարագային սահմանադրութեան չհամապատասխանող սահմանափակումներ նախատեսած էր, եւ այս օրէնքի մշակման ժամանակ հաշուի չեն առնուած օրէնսդրական այլ գործողութիւններ: Սահմանադրական դատարանը որոշեց սահմանադրութեան հակասող եւ անվաւեր ճանչնալ այն մասը, որով օրէնքը չ՛ապահովեր  անձի հայեցողութեամբ անոր աշխատավարձի տիրապետման իրաւունքը: Օրէնքին վիճարկուող բոլոր յօդուածները Սահմանադրական դատարանը ճանչցաւ հակասահմանադրական, որովհետեւ անոնք կը գտնուին համակարգային կապի մէջ:

Սահմանադրական դատարանը նաեւ Ազգային ժողովի եւ կառավարութեան համար ժամկէտ սահմանեց` մինչեւ այս տարուան 30 սեպտեմբերը, որպէսզի օրէնքը համապատասխանեցուի սոյն որոշումին պահանջներուն: Սահմանադրական դատարանի որոշումը ուժի մէջ կը մտնէ հրապարակման պահէն սկսեալ: Նշենք, որ Սահմանադրական դատարան  դիմած էին խորհրդարանական չորս քաղաքական ուժերու` ՀՅԴ-ի, Ժառանգութիւն կուսակցութեան, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան եւ Հայ Ազգային քոնկրեսի պատգամաւորները:

Ըստ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանի, Սահմանադրական դատարանի որոշումը կրնան մեկնաբանել միայն ատիկա ամբողջութեամբ ուսումնասիրելէն ետք, որովհետեւ, սահմանադրութեան հակասող եւ անվաւեր ճանչցուելուն զուգահեռ, սահմանադրական դատարանը գործադրեց զանոնք որոշակի ժամկէտէ ետք ուժը կորսնցուցած ճանչնալու հասկացողութիւնը, ինչ որ որոշակի խնդիրներ կրնայ յառաջացնել, ուստի տակաւին պէտք չէ շտապել: «Կարեւորը այն է, որ յստակ է` սահմանադրութեան հակասող չափանիշներուն` մեր ներկայացուցած փաստարկները ճիշդ էին, շնորհակալութիւն բարձր դատարանին, որ ատիկա ընդունեց», ըսաւ պատգամաւորը:

Ինչ կը վերաբերի իրաւական հետեւանքներուն, Արծուիկ Մինասեան չբացառեց, որ պիտի սկսի դատական դիմումներու նոր փուլ` քաղաքացիներու, աշխատակիցներու եւ գործատուներու կողմէ, որոնք պիտի պահանջեն իրենց վճարները վերադարձնել:

Արծուիկ Մինասեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր քաղաքացիներուն, երիտասարդներուն, միջին տարիքի մարդոց, տարեցներուն եւ բոլոր այն մասնագէտներուն, որոնք օժանդակեցին իրենց աշխատանքին այս օրէնքի վերաբերեալ բոլոր հոլովոյթներուն մէջ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES