Քեմպրիճի Մէջ Կայացած Քեսապի Զօրակցական Հաւաքին Գոյացաւ 22 Հազար Տոլար

30 մարտին Քեմպրիճի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ճգնաժամի մէջ յայտնուած Քեսապի հայութեան ի նպաստ զօրակցական հաւաք: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հայաստանեայց առաքելական Ս. Նշան եկեղեցւոյ, Քեմպրիճի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ եւ Քեմպրիճի Հայ կեդրոնին կողմէ: Օրուան գլխաւոր պատգամախօսն էր Սուրիահայութեան օժանդակութեան Քանատայի Կեդրոնական յանձնախումբի ատենապետ Ժան Հալաճեան, որ զեկուցեց Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին:

Ծովափի շրջանի շտապ օգնութեան գործադիր մարմնի ներկայացուցիչ Կարօ Մանճիկեան Լաթաքիայէն ուղիղ եթերով ներկայացուց Քեսապի ներկայ կացութիւնը:

Ձեռնարկի աւարտին Քեսապի աջակցութեան ուղղուած նուիրահաւաքի գումարը հասաւ աւելի քան 22,000 տոլարի: Նուիրահաւաքի աշխատանքները պիտի շարունակուին Քեմպրիճի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES