Զէյտան Մեկնեցաւ Չինաստան

zeidan.0204Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ Ժորժ Զէյտան երէկ մեկնեցաւ Նանճինկ (Չինաստան)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար երիտասարդներու 2-րդ ողիմպիական խաղերուն գծով տեղի ունենալիք ժողովներուն: Այդ խաղերը տեղի պիտի ունենան 15-28 օգոստոսին:

Անոր կ՛ընկերակցի Թոնի Թարրաֆ: Անոնք զանազան հանդիպումներ պիտի ունենան շարք մը երկիրներու ներկայացուցիչներու հետ` քննարկելով տարբեր տեսակի հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES